ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ. «ԱՄԷՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ՊԱՏԱՀԻՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՍԱԿԱՅՆ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՊԷՏՔ ՉԷ ԸԼԼԱՆ ՔԻՆԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԵՒԵՌԱՑՈՒՄՆԵՐ»

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկուան հաւաքոյթէն վերջ յայտնեց, որ ամէն հաւաքականութեան մէջ կը պատահին լարուածութիւններ, սակայն մեր համայնքէն ներս պէտք չէ ըլլան քինախնդրութիւն եւ բեւեռացումներ։ Ըստ Պետրոս Շիրինօղլուի, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ձեռք ձեռքի տալով, հասունութեամբ պէտք է ղեկավարեն ներկայ անցումային շրջանը։ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ նշեց նաեւ, որ պետութեան մօտ հետզհետէ կը հասուննայ մօտեցում մը, որով Թուրքիոյ հայոց պատրիարքը պէտք է ընտրուի՝ որոշ ժամանակաշրջան մը անխափան երկրին մէջ, մեր Պատրիարքական Աթոռի ուղղակի ենթակայութեան տակ ծառայած հոգեւորականներու շարքէն. այդ ժամկէտը կրնայ ըլլալ առնուազն հինգ տարի։

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2018