ՆՈՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երէկ, Փարիզի մէջ սկսաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 90-րդ ընդհանուր ժողովը։ Աշխարհատարած այս մեծ կազմակերպութեան հերթական համագումարը կ՚արժանանայ համայն հայութեան անմիջական ուշադրութեան, որովհետեւ ՀԲԸՄ հայ իրականութեան մեծագոյն բարենպատակ հաստատութիւններէն մին է։ Աշխարհի չորս ծագերուն սփռուած բազմատասնեակ մասնաճիւղերով եւ յարակից կազմակերպութիւններով ՀԲԸՄ եղած է ու կը մնայ հայ իրականութեան շարժիչ ուժերէն մին եւ իր նախաձեռնութիւնները ճակատագրական նշանակութիւն կ՚ունենան հայութեան տեսակէտէ։

Փարիզի մէջ կազմակերպուած 90-րդ ընդհանուր ժողովը կեանքի կը կոչուի եռօրեայ ծրագրով մը։ Երէկ, օրուան առաջին կէսին ՀԲԸՄ-ի Փարիզի «Ալեք Մանուկեան» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որուն մասնակցեցան Կեդրոնական վարչութեան անդամներն ու տեղական մարմիններու ղեկավարութիւններու ներկայացուցիչները։ Սա 90-րդ ընդհանուր ժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցած առաջին համախմբումն էր, որու ընթացքին ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Արտայայտուեցան նաեւ Կեդրոնական վարչութենէն այլ անդամներ եւ ՀԲԸՄ-ի զանազան ծրագրերու պատասխանատուներ։ Օրուան ողջ տեւողութեան շարունակուեցան այս քննարկումները, որոնց սկիզբին բոլորը երախտագիտութիւն յայտնեցին ՀԲԸՄ-ի Ֆրանսայի մասնաճիւղի ղեկավարութեան, որ կազմակերպած է ներկայ ընդհանուր ժողովը։ Հարկ է նշել, որ ՀԲԸՄ-ի Ֆրանսայի մասնաճիւղը կը գլխաւորուի Նատիա Գործունեանի կողմէ եւ այս վերջինը իր գործակիցներով մեծ աշխատանք մը տարած է կազմակերպելու համար ներկայ 90-րդ ընդհանուր ժողովը։

«Ալեք Մանուկեան» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ օրուան տեւողութեան շարունակուած խորհրդակցութիւններէն վերջ, ՀԲԸՄ-ի համագումարի մասնակիցները երէկ երեկոյեան ժամերուն համախմբուեցան Էյֆէլի աշտարակին մէջ։ Փարիզի այս խորհրդանշանին վրայ կազմակերպուած ընդունելութիւնով պաշտօնապէս ազդարարուեցաւ ՀԲԸՄ-ի 90-րդ ընդհանուր ժողովի բացումը։ Հաւաքոյթի ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Ներկայ էին ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած կազմակերպութիւններէն ներկայացուցիչներ, բարերարներ, համակիրներ եւ այլ հիւրեր։ Բոլորը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին եւ բաժակ բարձրացուցին յաջողութիւններու տեւականացման համար։

ՀԲԸՄ-ի 90-րդ ընդհանուր ժողովի աշխատանքները կը շարունակուին ներկայ շաբաթավերջի օրերուն։ Ծրագրին մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ վերջին տարիներուն մաս կազմած է ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան։ Այսօր, ընդհանուր ժողովի ծիրէն ներս նախատեսուած խորհրդաժողով մը տեղի կ՚ունենայ Փարիզի մէջ։ «Station F» կոչուած վայրին մէջ տեղի կ՚ունենայ այս խորհրդաժողովը, որու աշխատանքները կը շարունակուին օրուան ողջ տեւողութեան։ Օրուայ աւարտին, «Salle Wagram»ի մէջ տեղի կ՚ունենայ համերգ մը, որ ձօնուած է աշխարհահռչակ հանգուցեալ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին։

Վաղը «Les Jardins de Saint Dominique»ի մէջ տեղի կ՚ունենայ բուն ընդհանուր ժողովը, որու ընթացքին կ՚արժեւորուին Կեդրոնական վարչութեան վերջին երկու տարիներու գործունէութեան վերաբերեալ բոլոր տեղեկագիրները եւ հաշուեկշիռ մը կը կատարուի տուեալ ժամանակաշրջանին իրականացուած աշխատանքին շուրջ։ Միեւնոյն ժամանակ կը նախանշուին յառաջիկային առնուելիք քայլերը։ Վաղը երեկոյեան ալ նախատեսուած է կալա-ընթրիք մը «Le Pavillon Ledoyen»ի երդիքին տակ։ Այս հանդիսաւոր երեկոյթը արդէն պիտի գայ ազդարարելու ՀԲԸՄ-ի 90-րդ ընդհանուր ժողովի եզրափակումը։ Կիրակի, համագումարի մասնակիցները Ս. Պատարագի պիտի մասնակցին Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճարին մէջ։

90-րդ ընդհանուր ժողովը առիթ կը հանդիսանայ ՀԲԸՄ-ի նոր յանձնառութիւնները բնորոշելու եւ հայ իրականութեան արդի մարտահրաւէրներու վերաբերեալ յըս-տակեցնելու իր դիրքորոշումը։

Ուրբաթ, Փետրուար 8, 2019