ԵՐԱԺՇՏԱՍԷՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՏՕՆ

Անգլիոյ Սենեկային նուագախումբը յառաջիկայ շաբթուան մէջ նուագահանդէս մը պիտի սարքէ Իսթանպուլի մէջ։ Ձեռնարկը նախատեսուած է հինգշաբթի, 13 փետրուարի երեկոյեան, «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ։ Անգլիոյ Սենեկային նուագախումբը 400-է աւելի յօրինողի աւելի քան 1500 յօրինումի ձայնագրութեան հաւաքածոյ մը ունի։ Այս առումով ան աշխարհի ամենաընդգրկուն ձայնագրութեան հաւաքածոյին տէր նուագախումբը կը համարուի։ Իսթանպուլի մօտալուտ համերգին ժամանակ խումբը պիտի մեկնաբանէ Շուպերթի, Մոցարթի եւ Հայտընի գործերը։ Նուագահանդէսի ժամանակ Անգլիոյ Սենեկային նուագախումբը պիտի վարէ Սթեֆանի Կանլի։ Այս վերջինը նուագախումբի գլխաւոր ջութակահարուհին է եւ այս անգամ հանդէս պիտի գայ նաեւ վարիչի դերով։ Ան ջութակի վիրթիէօզ մը ըլլալու առընթեր շատ լաւ կը տիրապետէ նուագախումբին եւ երաժիշտ մըն է, որ ուշադրութեան կ՚արժանանայ իր տրամադրութիւնով։

Հարկ է նշել, որ CRR-ի ներկայ գեղարուեստական ղեկավար Ճեմ Մանսուր 1985 թուականին վարած էր Անգլիոյ Սենեկային նուագախումբը։

Շաբաթ, Փետրուար 8, 2020