ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՐԹԱԿՈՎ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹԸ

Ըստ աւանդութեան, ամէն տարի յունուարի երրորդ շաբթուան ընթացքին տեղի կ՚ունենայ «Եկեղեցիներու միութեան համար աղօթքի շաբաթը», որու շրջանակներէն ներս քոյր եկեղեցիներ կը համախմբուին եւ շաբթուան մը տեւողութեամբ՝ նախապէս ճշդուած բնաբանի մը շուրջ կը խոկան, միասին կ՚աղօթեն եւ կ՚ունկնդրեն քարոզխօսութիւններուն։

Այս տարուան բնաբանն էր. «Իմ սիրոյս մէջ մնացէք եւ պտղաբեր եղէ՛ք» (ըստ Յովհ. 15.5-9)։ Այս տարի քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ այս գեղեցիկ աւանդութիւնը չիրականացաւ։ Բայց եւ այնպէս, «Եկեղեցիներու միութեան համար աղօթք»ի արարողութիւններու կազմակերպիչ միջեկեղեցական յանձնախումբի ժողովներուն մէջ յարմար նկատուեցաւ, որ եկեղեցւոյ առաջնորդներ իրենց պատգամները փոխանցեն պատրաստելի տեսերիզի միջոցաւ։ Առ այդ, փոխանցուած պատգամներու առընթեր իւրաքանչիւր եկեղեցի ներկայացուց հոգեւոր երգ մը։

Այս շրջագիծով բացի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանէ, իրենց պատգամներով հանդէս եկան Ն.Ս.Տ.Տ. Յունաց Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը, Իսթանպուլի, Անգարայի եւ Իզմիրի ասորիներու առաջնորդ եւ պատրիարքական փոխանորդ Մոր Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չեթին, Իսթանպուլի Լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ պապական փոխանորդ Մոնս. Լորենզօ Արք. Փիրեթթօ, Բողոքականներու միութեան Բ. ատենապետ Պեհնան Քոնութկան։

Մեր Հոգեւոր Պետը իր պատգամին մէջ ուրախութեամբ նշեց, թէ նոյնիսկ համավարակի դժուարին պայմաններուն, իր ներկայութիւնը կը շարունակէ զգացնել միջեկեղեցական աղօթքի ոգին, որով եկեղեցւոյ առաջնորդներ իրենց պատգամներով հանդէս կու գան։ Պատրիարք Հօր մեկնաբանութեամբ՝ միջեկեղեցական միութեան ամենէն խորհրդաւոր տողերը նկատուեցան սուրբգրային հետեւեալ տողերը. «Բայց միայն անոնց համար չեմ աղաչեր, այլ բոլոր անոնց համար ալ, որոնք անոնց խօսքով ինծի պիտի հաւատան. որպէս զի ամէնքն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս դո՛ւն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս՝ ու ես քու մէջդ, որպէս զի անոնք ալ մեր մէջ մէկ ըլլան եւ աշխարհ հաւատայ թէ դուն ղրկեցիր զիս» (Յովհ. 17.20-21)։ Յիսուսի աղօթքի տողերուն մէջ արդէն իսկ յայտնի կը դառնայ, թէ միութենական հասկացողութիւնը թէեւ դժուար հասանելի, սակայն անհրաժեշտ է։ Յիսուս այս միոյն համար կ՚աղօթէր առ Հայր։ Այլապէս եկեղեցիներ պէտք է աշխատին այս ուղղութեամբ, սակայն պէտք է գիտնան նաեւ, թէ այս միութիւնը սոսկ մարդկային զօրութեամբ չի կրնար իրականանալ։ Միութիւն մը, որ կարօտն ունի Աստուծոյ զօրութեան։ Ահա, այս գիտակցութեան տէր հոգեւոր առաջնորդներ, անցեալին հաստատած էին սոյն միութեան համար աղօթքի շաբաթը, որպէսզի եկեղեցիներ աղօթքի ճամբով Աստուծմէ աղերսեն միութեան իրականացումը։

Պատրիարք Հայրը յայտնեց, թէ եկեղեցին միշտ անսխալական եղած է, քանի ան մարմինն է Յիսուս Քրիստոսի։ Իսկ, եկեղեցւոյ հետ առընչուած հարցերու ու բաժանումներու միակ պատճառն է մարդ արարածը, որ մեղաւոր է։ Նորին Ամենապատուութիւնը ապա ըսաւ. «Ահա, մարդկայինի եւ աստուածայինի գիրկընդխառնուած այս հաստատութեան մէջ կ՚ապաւինինք, որ Աստուած միացնէ իր մարմնին բազմաթիւ անդամները։ Ինչպէս որ մարդոց համար փոքր հարցեր անցեալին վերածուելով մեծ հարցերու, թշնամութիւններու եւ բաժանումներու պատճառ եղած են, նոյնպէս ալ մեծ հարցերը կրնան փոքրանալ եւ կորսուիլ, եթէ Աստուած իր սիրով միջամտէ հարցերուն։ Եկէ՛ք, թէ՛ մեր մարդկային ջանքերը ի գործ դնենք այս միութեան համար եւ թէ՛ մեր ձեռքերը բացած Աստուծմէ խնդրենք, որ շնորհէ նաեւ Ս. Հոգւոյ ներգործութիւնը։ Կը մաղթենք, որ 2021 թուականը քայլ մը եւս մօտեցնէ մարդկութիւնը աստուածային անսահման սիրոյ ճանապարհին»։

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2021