ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը, Սմիթսընեան կաճառի «Իմ Հայաստան» ծրագիրը եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանիին տակ գործող Հայկական համացանցային համալսարանը կը շարունակեն աշխատանք տանիլ Հայաստանը միջազգային գետնի վրայ ծանօթացնելու ուղղութեամբ։ Այս աշխատանքի հետապնդած նպատակներու շարքին են՝ երկիրը զբօսաշրջիկներու տեսակէտէ դարձնել մատչելի եւ համացանցի աշխարհէն ներս ապահովել այդ բոլորին ներկայութիւնը։ Յիշեալ երեք կառոյցներու համատեղ ջանքերով վերջին շրջաններուն կը պատրաստուին ելեկտրոնիկ գիրքեր։ Այդ շարքին մէջ առաջինը պատրաստուած էր մայրաքաղաք Երեւանի համար եւ հիմա կը յաջորդեն երկրի զանազան շրջանները, յարաբերաբար աւելի հեռաւոր գաւառները ծանօթացնելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնները։ «Վայոց Ձոր» ելեկտրոնիկ գիրքն ալ բոլորովին վերջերս եկաւ ամբողջացնել այս շարքը։

ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ մարզին ձօնուած ելեկտրոնիկ գիրքին շնորհանդէսը։ Հաւաքոյթի ատենախօսներու շարքին էին Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ռիչըրտ Միլս, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ ու Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավար Վազգէն Եագուպեան, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ ու Հայկական համացանցային համալսարանի հիմնադիր-նախագահ Երուանդ Զօրեան եւ ծրագրին ներգրաւուած կառոյցներէն այլ ներկայացուցիչներ։

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018