ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԵԿՆԱԿԷՏՆ Է՝ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ Ի ՇԱՀ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը արձագանգեց Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգի կասեցման որոշման։ Ինչպէս ծանօթ է, Երեւանի ղեկավարութիւնը ներկայ ամսուան սկիզբին առ ոչինչ հռչակած էր Անգարայի հետ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտնեց, որ Մոսկուա արձագանգած է հայկական կողմի այս որոշումին։

Մարիա Զախարովա երէկ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պատասխանեց Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան ներկայացուցիչի այս նիւթի վերաբերեալ հարցման։ Թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ Մոսկուա արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգի կասեցման որոշումը։ Ի պատասխան ան ըսաւ. «Ինչպէս կը յիշէք, ռուսական պատուիրակութիւնը կը գտնուէր Ցիւրիխի մէջ եւ աշխոյժ մասնակցութիւն կը ցուցաբերէր այդ գործընթացին։ Ժամանակին այդ գնահատականները տրուած են ու մեր վերաբերմունքը կը շարունակէ մնալ այժմէական։ Մեր ելակէտն է յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորութիւնը՝ ի շահ երկու երկիրներուն։ Մեր կողմէ մշտապէս ամէն բան ըրած ենք յանուն այդ նպատակին»։

Մարիա Զախարովա իր յայտարարութիւններէն վերջ կրկնեց, որ Ցիւրիխի մէջ ռուսական կողմը աշխոյժ եւ արդիւնաւէտ մասնակցութիւն ցուցաբերած էր յիշեալ համաձայնութիւններու մշակման համար։

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018