ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻՈՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԺՈՐԺ ՔԵՓԵՆԵՔԵԱՆԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեքեանը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն այցելեց Երեւան։ Ողջունելով քաղաքապետն ու ընկերակիցները Երեւանի մէջ՝ Սերժ Սարգսեան Ժորժ Քեփենեքեանին բազում յաջողութիւններ մաղթեց այդ պաշտօնին գլուխը։ Ան ընդգծեց, որ Ֆրանսայի մէջ Քեփենեքեանի յաջողութիւնները հայաստանցիներու կողմէ պիտի համարուին նաեւ իրենցը՝ այն պարզ պատճառով, որ անոնք հայ-ֆրանսական բարեկամութեան կարեւոր բաղկացուցիչը կը հանդիսանան։ Ժորժ Քեքենեքեան Ֆրանսայի արժանաւոր քաղաքացի է եւ հայ ժողովուրդի նուիրեալ զաւակ։ Այս բոլորը Քեփենքեանի կողմէ ապացուցուած են իր անցած ճանապարհով եւ գործունէութեամբ։ Սերժ Սարգսեան վստահութիւն յայտնեց, թէ քաղաքապետը լաւագոյնս պիտի ծառայեցնէ իր փորձառութիւնն ու ընդունակութիւնները՝ Երեւանի եւ Լիոնի միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման, ինչպէս նաեւ հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման գործին։ Սարգսեան միեւնոյն ժամանակ Քեփենեքեանին փոխանցեց շնորհաւորութիւններ՝ Երեւանի քաղաքապետի ոսկէ մետայլով պարգեւատրուելու կապակցութեամբ։

Զրոյցի տեւողութեան Սերժ Սարգսեան ջերմութեամբ վերյիշեց ընդամէնը ամիս մը առաջ Փարիզ կատարած իր այցելութիւնը եւ առաջին հանդիպումը Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ, ինչպէս նաեւ 2017 թուականի գարնան Լիոն կատարած այցելութիւնն ու հետաքրքրական զրոյցը նախկին քաղաքապետ, հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Ժերար Քոլոմի հետ։ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները կը համարուին առանձնաշնորհեալ, կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ եւ կողմերու բարեկամութիւնը սահմաններ չունի։ Երկու երկիրները մշտապէս պարտաւոր են ընդարձակել համագործակցութիւնը եւ տարուէ տարի ամրապնդել յարաբերութիւնները։

Իր կարգին, Ժորժ Քեփենեքեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահի շնորհաւորութիւններուն եւ բարեմաղթանքներուն համար։ Քաղաքապետը նշեց, որ իր գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին ներգրաւուած են զանազան ոլորտներու փորձառու մասնագէտներ, որոնց օգնութեամբ յոյս ունի բազմաբնոյթ համագործակցութիւն ծաւալել Հայաստանի մէջ՝ այսպէսով փոխյարաբերութիւններու նոր էջ մը բանալով ինչպէս Երեւանի եւ Լիոնի, այնպէս ալ երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ։ Քեփենեքեան ընդգծեց, որ Երեւան այցելութեան ընթացքին ունեցած է արգասաբեր հանդիպումներ եւ շարք մը ոլորտներէ ներս արդէն իսկ ձեռք բերուած են համագործակցութեան պայմանաւորուածութիւններ։

Քեփենքեանի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները եւս ներկայացուցին իրենց տպաւորութիւնները Երեւանի շփումներէն։ Անոնք ընդգծեցին, որ համագործակցութեան մեծ ներուժ կը տեսնեն քրիստոնէութեան օրրան Հայաստանի հետ։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ վստահութիւն յայտնեցին, թէ պատմական մեծ ժառանգութեամբ ու դարաւոր հարուստ մշակոյթով Հայաստան աւելի մեծ լաւատեսութեամբ կրնայ նայիլ ապագային։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այս տարուան Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ նախատեսուած Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովին։

Միւս կողմէ, Ժորժ Քեփենեքեան երէկ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի կողմէ։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018