ԴԱՍԱԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս (ԵՊՀ) երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը։ «Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութիւն» համալսարանական դասագիրքի շնորհանդէսն էր այս մէկը, որու ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց ԵՊՀ-ի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Փրոֆ. Ռուբէն Մելքոնեան։ Արտայայտուեցաւ նաեւ ակադեմիկոս Ռուբէն Սաֆրաստեան։

Այս դասագիրքը տպագրուած է ամերիկահայ բարերար Ժիրայր Նշանեանի եւ համանուն հիմնադրամի հովանաւորութեամբ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դասագիրքը կեդրոնացած է 1918-2018 թուականներու ժամանակաշրջանին վրայ։ Անոր պատրաստութեան համար աշխատանք տարած են զանազան սերունդներէ թրքագէտներ. ինչպէս՝ Ռուբէն Սաֆրաստեան, Ռուբէն Մելքոնեան, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի աւագ դասախօս, պատմաբան Տքթ. Վահրամ Տէր-Մատթէոսեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան կաճառի աշխատակից Անուշ Յովհաննիսեան, Յակոբ Չաքըրեան, Արթուր Տումանեան եւ Վարուժան Գեղամեան։

Փրոֆ. Ռուբէն Մելքոնեան երէկուան ելոյթին մէջ յայտնեց, որ այս դասագիրքին մէջ յատուկ կարեւորութիւն ցուցաբերուած է Թուրքիոյ մէջ բնակող հայութեան գոյատեւման պատմութեան։ Ան ըսաւ. «Պատմութեան եւ հայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ նման ընդգրկումով ներկայացուած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութիւնը՝ սկսած 1918 թուականէն մինչեւ 2018 թուականը։ Գիրքը հրատարակուած է չորս տարի առաջ, հիմա մենք կը ներկայացնենք լրամշակուած տարբերակը։ Առաջին անգամ հայերէնով ներկայացուած է այն կարեւոր իրադարձութիւններու շղթան, որ պայմանաւորած է 20-21-րդ դարերու Թուրքիոյ պատմութիւնը եւ այն իրավիճակը, որ այսօր ստեղծուած է երկրին մէջ»։

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2019