ԹՈՒՐՔ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐԸ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԶՕՐԱԳՈՅՆ ԲԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ

Global Fire Power համացանցային կայքէջը հրապարակեց 2019 թուականի աշխարհի հզօրագոյն բանակներու ցանկը։ 137 երկիրներ կ՚ընդգրկէ այս ցուցակը, որու գլուխը կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ 716 միլիառ տոլարի պաշտպանութեան պիւտճէով։ Ցուցակի առաջին հնգեակին մաս կը կազմեն Ռուսաստան, Չինաստան, Հնդկաստան եւ Ֆրանսա։ Վեցերորդ կարգի վրայ է Ճաբոն, իսկ Անգլիա՝ ութերորդ կարգի վրայ։ Ցուցակին վրայ իններորդ տեղը կը գրաւէ Թուրքիան։

Այսպէսով Թուրք զինեալ ուժերը աշխարհի ամենահզօր բանակներու շարքին կը դասուին։ Համապատասխան վերլուծութեան մէջ նշուած է, որ թրքական բանակը ի զօրու է երկրի սահմաններէն դուրս գործողութիւններ իրականացնել։ Մատնանշուած է, որ Սուրիայէ ներս Թուրքիոյ զինուորական գոյութիւնը կը ծաւալի։ Բաց աստի, Թուրք զինեալ ուժերը խաղաղարար գործողութիւններ կ՚իրականացնեն Իրաքի, Քաթարի, Սոմալիի, Աֆղանիստանի եւ Պալքաններու մէջ։

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2019