ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ՊԼԻՆՔԸՆԻ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան Պլինքընը շնորհաւորեց՝ այդ պաշտօնը ստանձնած ըլլալու կապակցութեամբ։ Անդրադառնալով երկկողմանի յարաբերութիւններուն՝ վարչապետը բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին տրամադրուած մշտական աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակէն ներս անոր ունեցած դերակատարութիւնը։

Փաշինեան եւ Պլինքըն անդրադարձան Արցախի պատերազմէն վերջ տարածքաշրջանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին։ Ընդգծուեցաւ հաշտութեան գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։ Փաշինեան մասնաւորապէս ուշադրութիւն հրաւիրեց Ատրպէյճանի կողմէ գերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուած անձերու անյապաղ վերադարձի անհրաժեշտութեան վրայ։ Այս ամբողջին մէջ ամերիկացի պետական քարտուղարը շեշտեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակել իր դերակատարութիւնը հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։

ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարը հեռախօսազրոյցի ընթացքին ընդգծեց Հայաստանի հետ գործընկերային յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը։ Ան բարձր գնահատեց ժողովրդավարութեան ասպարէզէ ներս Հայաստանի արձանագրած ձեռքբերումները ու վստահեցուց, թէ ԱՄՆ պիտի շարունակէ բարեփոխումներու համար Հայաստանին տրամադրուած օժանդակութիւնը։

Երկուստեք կարեւորուեցաւ համագործակցութիւնը Հայաստանէ ներս օրէնքի գերակայութեան ամրա-պընդման, փտածութեան դէմ պայքարի, արդարադատութեան համակարգի եւ ոստիկանութեան բարեփոխումներու ուղղութեամբ։ Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան կողմի գնահատականներուն եւ բարեփոխումներու ասպարէզին մէջ օժանդակութիւն տրամադրելու պատրաստակամութեան համար։

Բաց աստի, շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի միջեւ։ Հայկական դիւանագիտական աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախարարները կարծիքներ փոխանակած են երկկողմանի օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Անոնք գոհունակութեամբ արտայայտուած են դարաւոր բարեկամութեան հիման վրայ խարսխուած յարաբերութիւններու զարգացման թափին առընչութեամբ։ Նախարարները ընդգծած են այդ բոլորը առաւել ամրապնդելու փոխադարձ պատրաստակամութիւնը՝ ներառեալ զանազան մակարդակներու վրայ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացումը։

Այվազեան եւ Զարիֆ անդրադարձան տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն։ Երկուստեք կարեւորուեցաւ համակարգուած համագործակցութեան դերը՝ տարածքաշրջանային նոր մարտահրաւէրներու դիմագրաւման տեսակէտէ։

Երկուշաբթի, Մարտ 8, 2021