ԿԱՆԱՆՑ ԿՈՂՄԷ ԲՈՂՈՔ

Երեւանի կեդրոնին երէկ իգական սեռի ներկայացուցիչներու կողմէ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան։ Երէկ Աւետման տօնն էր եւ այդ օրը Հայաստանի մէջ կը նշուի նաեւ՝ որպէս Մայրութեան ու գեղեցկութեան տօն։ Ընդդիմադիր կանայք բողոքի ցոյց մը իրականացուցին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ Կառավարութեան շէնքին դիմաց համախմբուելով՝ անոնք հերթական անգամ պահանջեցին, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարի պաշտօնէն։ Ոստիկանութիւնը միջամտեց ցուցարար կանանց եւ այդ ընթացքին տեսախցիկները անբաղձալի երեւոյթներու ականատես դարձան։

Ընդդիմադիր լրատուամիջոցներու հաղորդումներով, ցուցարար կանանց շարքին կը գտնուէին Արցախի վերջին պատերազմին նահատակուածներու կամ պատերազմի ընթացքին գերեվարուածներու հարազատներ։ Պատերազմի ժամանակ ազգային հերոսի կոչման արժանացած եւ աւելի վերջ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի պաշտօնէն վտարուած զօրավար Տիրան Խաչատրեանի կողակիցն ալ գտնուած է ցուցարարներու շարքին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021