ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԶՕՐԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը այս շրջանին իրերայաջորդ համատեղ զօրավարժութիւններ կ՚իրականացնեն։ Ապրիլի 6-8-ին երկու բանակները զօրավարժութիւններ իրականացուցին՝ կապի զօրքերու մասնակցութեամբ։ Զօրավարժութիւններու ժամանակ փորձարկուեցան կապի ժամանակակից միջոցներ եւ կառավարման ինքնագործ համակարգեր։ Կապաւորներու առջեւ դրուած էին միասնական կապի համակարգ մը ստեղծելու, զօրքերու համագործակցութիւնը ապահովելու, կառավարման դաշտային կեդրոններ ձեւաւորելու ուսումնառազմական խնդիրներ։ Բաց աստի, Ատրպէյճանի բանակի զինուորները վարժանքներու կը մասնակցին Սպարտայի մէջ տեղակայուած ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուսումնավարժական կեդրոնէն ներս։ Թէ՛ Անգարայի եւ թէ Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները զանազան դրուագներ կը հրապարակեն այդ հանդիպումներէն։

Միւս կողմէ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով երէկ տեսակապի միջոցաւ հետեւեցան երկու երկիրներու բանակներու ռազմափորձերուն։ Զաքիր Հասանով նախընթաց օր առաքելութեան տարածք ժամանած էր՝ զօրավարժութիւններու հերթական փուլին հետեւելու համար։ Ան այցելեց նաեւ դաշտային հրամանատարական կէտեր, հետաքրքրուեցաւ զօրավարժութիւններու կազմակերպչական եւ ընթացիկ հարցերով։ Իրեն ներկայացուեցան Ատրպէյճանի զինանոցէն ներս առկայ ամենաժամանակակից մարտավարական ու ռազմավարական հաղորդակցութեան սարքաւորումները։ Զաքիր Հասանովին տեղեկացուցեցաւ, որ զօրավարժութիւնները բարեյաջող ընթացք ունին, կ՚իրականացուի կապի միասնական համակարգի կազմակերպման խնդիրը։ Հասանով կապուեցաւ ռազմաօդային ուժերու, ռազմածովային ուժերու, հրետանային ուժերու եւ յատուկ նշանակութեան ջոկատներու հրամանատարական կէտերուն հետ, ինչպէս նաեւ ստուգեց կապի կայունութիւնն ու անխափանութիւնը։

Զօրավարժութիւններու հրամանատարական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Զաքիր Հասանովի տեսակապով զրոյցը Հուլուսի Աքարի հետ։ Այս առթիւ նախարարները բարձր գնահատեցին երկու բանակներու բոլոր տեսակի զօրամիաւորումներու համագործակցութեան բարելաւումը, համատեղ ծրագրերու մշակումը, ստորաբաժանումներու միջեւ մարտական ազդեցութեան աճը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021