ՔԱՐՏԱՇԵԱՆԷՆ ՄԵԾ ՈՍՏՈՒՄ

Ամերիկահայ աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան առաջին անգամ ընդգրկուեցաւ «Forbes» հանդէսին կողմէ պատրաստուած աշխարհի միլիառատէրներու ցանկին։ 40-ամեայ Քիմ Քարտաշեանի կարողութիւնը գնահատուած է 1 միլիառ ամերիկեան տոլար։

Անուշահոտութիւններու եւ նորաձեւութեան ոլորտին մէջ գործարարութիւն կ՚իրականացնէ Քիմ Քարտաշեան, որ ամբողջ աշխարհի մէջ մեծ համբաւ ձեռք բերած է՝ մանաւանդ «Keeping up with the Kardashians» հեղինակային հեռուստաշարի միջոցաւ։ Ընկերային ցանցերու վրայ միլիոնաւոր հետեւորդներ ունի Քիմ Քարտաշեան, որ համարձակօրէն կ՚ինքնադրսեւորուի նաեւ իր կանացիութեամբ։ Ան չի թաքցներ իր հայկական արմատները, կը մասնակցի սփիւռքէ ներս կազմակերպուած զանազան դրամահաւաքներու եւ ցայսօր երկու անգամ այցելած է Հայաստան։

Քիմ Քարտաշեանի անունը վերջերս օրակարգի վրայ է նաեւ ամուսինէն՝ Քայնէ Ուեստէ ամուսնալուծութեամբ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021