ՄԱՔՐՈՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ
Երէկ, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ փուլը։ Մարին Լը Փենի եւ Էմմանիւէլ Մաքրոնի ընտրապայքարին արդիւնքը վճռեցին ֆրանսացի ընտրողները, որոնց շուրջ 74 տոկոսը մասնակցեցաւ քուէարկութեան։ Այսպէս, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ Էմմանիւէլ Մաքրոն, որ յառաջիկայ հինգ տարիներուն պիտի ղեկավարէ երկիրը։ Ան ստացաւ ձայներուն շուրջ 65.9 տոկոսը։ Մարին Լը Փեն շուրջ 34.1 առ հարիւր ձայներով ձախողեցաւ երկրորդ փուլին։ Էմմանիւէլ Մաքրոն 39 տարեկան է եւ հիմա հետաքրքրութեամբ կը սպասուի, թէ իր գլխաւորութեամբ ինչպիսի իշխանութիւն մը կամ վարչախումբ մը պիտի ձեւաւորուի Եւրոպայի մեծագոյն երկրին՝ Ֆրանսայի մէջ։
Էմմանիւէլ Մաքրոնի ընտրութեան առթիւ երէկ երեկոյեան Փարիզի մէջ ստեղծուեցաւ արտասովոր մթնոլորտ։ Ֆրանսական մայրաքաղաքի սրտին վրայ՝ Լուվրի պալատի մեծ բակին մէջ տեղի ունեցաւ մեծ հանրահաւաք-համերգ մը։ Ծովածաւալ բազմութիւն մը մասնակցեցաւ այս հաւաքին, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Էմմանիւէլ Մաքրոն՝ առարկայ դառնալով բոլորի համակրանքին։ Ան այսպէսով տօնախմբեց իր յաղթանակը։
Միւս կողմէ, աշխարհի բազում երկիրներու ղեկավարներն ալ արդէն սկսած են շնորհաւորել Էմմանիւէլ Մաքրոնը։