ԱՍՏԻՃԱՆԱԿԱՆ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԿԸ ԶՈՒԳՈՐԴՈՒԻ ԶԱՆԱԶԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՎ
Քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ հաստատուած սահմանափակումներու մեղմացման գործընթացը բազում հարցականներով կը զուգորդուի Թուրքիոյ մէջ։ Հանրային կարծիքի զանազան շրջանակներ որոշ հակասութիւններ կը նկատեն կարգադրութիւններուն մէջ ու կը փորձեն գտնել իրենց մտքի հարցումներուն տրամաբանական պատասխանը։ Յամենայնդէպս, զգուշացումներն ալ միշտ կը հնչեն, թէ ուշադիր պէտք է ըլլալ՝ կանխելու համար համաճարակի նոր ալիքի մը ծնունդ առնելը։
Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեկցուց, որ երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուած է 30 հազար 395 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 1977 նոր վարակեալ։ Երէկ, Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով մահացած է 57 հոգի։ Ըստ վերջին տուեալներուն, երէկուան դրութեամբ առողջացած է 4 հազար 782 հիւանդ։