ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի նոր կառավարութեան ծրագիրը երէկ արժանացաւ Ազգային ժողովի հաւանութեան։ Խորհրդարանը յատուկ ժողով մը գումարելով մանրամասն քննարկման ենթարկեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած նոր Նախարարաց խորհուրդի ծրագիրը։ Վարչապետը երեսփոխաններուն ներկայացուց ծրագրի մանրամասնութիւնները եւ այդ հիման վրայ ծաւալուեցան բազմակողմանի քննարկումներ։ Արդիւնքին ծրագիրը արժանացաւ խորհրդարանի հաւանութեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ կը նախատեսէ յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւներու կազմակերպուիլը։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018