ԽՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

«Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» լոզունգով սկսած շարժումը կը շարունակէ զբաղեցնել ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։ Երէկ, այս կապակցութեամբ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմերու առաջնորդները, որոնք խոր մտահոգութիւն յայտնեցին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի դէմ կատարուած յայտարարութիւններուն շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համատեղ յայտարարութիւնը ստորագրած են՝ Ֆրանսայի Թեմակալ առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան, Ռումանիոյ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, Անգլիոյ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան, Գերմանիոյ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան, Զուիցերիոյ Թեմակալ առաջնորդի տեղապահ Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեան, Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Տիրան Վրդ. Պետրոսեան եւ Յունաստանի Թեմակալ առաջնորդի տեղապահ Տ. Խորէն Վրդ. Առաքելեան։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Ցաւով կը հետեւինք այս օրերուն հայրենի մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, որոնք առընչուած են մեր եկեղեցական կեանքին։ Մտահոգ ենք յառաջացած իրավիճակով։ Հայոց մեր Սուրբ Եկեղեցին մշտապէս եղած է եւ կայ իր ժողովուրդին կողքին՝ բոլորին բերելով Քրիստոսի սէրն ու մխիթարութիւնը։ Որպէս եկեղեցի մեր առաքելութիւնը ա՛լ աւելի կը նուիրագործուի սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, ուր օրէ օր մեր հայորդիներու օտարացման վտանգը կը մեծնայ։ Մեր առջեւ առկայ խնդիրներու լուծման միակ ճանապարհը միութիւնն ու համազգային միասնականութիւնն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայոց Հայրապետի շուրջ, երկխօսութիւնը՝ հիմնուած սիրոյ եւ հանդուրժողութեան վրայ։ Եւրոպայի թեմերու առաջնորդներու մեր պատգամն է մեր սիրասուն հայորդիներուն՝ որպէսզի տուրք չտան ծայրայեղութեան եւ պատեհապաշտութեան մշտամրմունջ աղօթքով սատարեն մեր երկրին ու Մայր Եկեղեցւոյ»։

Միւս կողմէ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ընդունեց այն եկեղեցականները, որոնք վերջին օրերուն զինքը հրաւիրեցին հրաժարելու։ Անոնք հանդիպումէն վերջ յայտարարութիւններ ալ ըրին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։ Վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։ Վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ երէկ տեղի ունեցած հանդիպման շուրջ մանրամասնութիւններ ներկայացնելով՝ դիւանապետը տեղեկացուց, որ Վեհափառ Հայրապետը չի պատրաստուիր հրաժարելու։ Ան յայտնեց, որ ինքն ալ համամիտ է, թէ եկեղեցիէն ներս գոյութիւն ունին շարք մը խնդիրներ, սակայն անհասկնալի համարեց վերջնագրային ոճը։

Իր կարգին, Տաւուշի Թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեանն ալ յայտնեց, որ անընդունելի կը համարէ Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականի պահանջը։ Ըստ նորին սրբազնութեան, բողոքի ցոյցի մասնակիցները եկեղեցւոյ ընթացակարգէն դուրս պահանջ կը ներկայացնեն՝ իրենց ընկերային-քաղաքացիական տրամաբանութեան հիման վրայ։ Ան կատարուածը համարեց անընդունելի եւ ըսաւ. «Եթէ կը լսեն հայրական յորդորները, եկեղեցւոյ յորդորը, եպիսկոպոսաց դասու յորդորը, իրենք ապաշխարութեան միջոցաւ անդրադարձ կ՚ունենան եւ սա կ՚ըլլայ հանգուցալուծումը»։

Բաց աստի, Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան յիշեցուց, որ բողոքի ցոյցին կը մասնակցի աբեղայ մը եւ երկու քահանայ։ «Բողոքի ցոյց կազմակերպելը մեր ժամանակակից ընկերային-քաղաքացիական տրամաբանութեան մէջ է։ Եկեղեցին ունի բոլոր հնարաւոր հարթակները, ուր կարելի է խօսիլ բոլոր խնդիրներու շուրջ, արծարծել, բարձրաձայնել, քննարկել հարցեր։ Մարդիկ ազատ են արտայայտուելու եւ թող արտայայտուին, բայց մեր ըսելիքը այն է, որ սա անընդունելի է։ Պարզապէս կը խնդրեմ եւ կ՚աղօթեմ, որ Աստուած իրենց իմաստութիւն տայ գործելու, մտածելու եւ անդրադառնալու», եզրափակեց սրբազանը։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018