ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔՈՎ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունեց Անգլիոյ վարչապետի՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ առեւտուրի ու ներդրումներու հարցերով յանձնակատար, երեսփոխան Մարք Փրիտչարտը։ Բարձրաստիճան հիւրին ընկերացաւ Երեւանի մօտ Անգլիոյ դեսպան Ճուտիտ Ֆարնուորտ։ Փրիտչարտի կողմէ գլխաւորուած գործարար պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն Երեւանի մէջ շփումներ ունեցաւ պետական մարմիններէ եւ ձեռներէց շրջանակներէ ներկայացուցիչներու հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան եւ Մարք Փրիտչարտ քննարկեցին Հայաստանի եւ Անգլիոյ միջեւ առեւտուրի եւ ներդրումներու ծաւալներու ընդլայնման հնարաւորութիւնները եւ տնտեսութեան շարք մը ոլորտներէ ներս համագործակցութեան հեռանկարները։

Նոյն այցելութեան ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստան-Անգլիա գործարար համաժողով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստան-Անգլիա գործարար պալատի նախագահ Արաքսիա Մարտիրոսեան նշեց, որ տասն անգլիական գործարար կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ այցելած են Հայաստան։ Անոնք կը հետաքրքրուին Հայաստանի շուկայի զանազան ոլորտներով. օրինակ՝ զբօսաշրջութիւն, պանդոկներ, ուժանիւթ, ենթակառուցուածքներու զարգացում, վերականգնուող ուժանիւթ եւ մասնագիտական ծառայութիւններ։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018