ՀԱՄԱԽՄԲՈՂ ԳՈՐԾՕՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան վերջերս այցելեց Երեւան, ուր բարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Իր կեցութեան օրերուն Պերճ Սեդրակեան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ՀԲԸՄ-ի նախագահը հիւրընկալուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Պերճ Սեդրակեան եւ ՀԲԸՄ-ի պատուիրակութիւնը վերջերս այցելած էին Արցախ, ուր Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցած էին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան եւ Պերճ Սեդրակեան կարծիքներ փոխանակեցին համահայկական օրակարգի վերաբերեալ զանազան հարցերու շուրջ։ Անոնք անդրադարձան Դիլիջանի մէջ նախատեսուած «Միտքերու հայկական գագաթաժողով»ին։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ 2016 թուականէն ի վեր ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ կը հանդիսանայ, Պերճ Սեդրակեանի հետ խօսեցաւ միութեան աջակցութեամբ զանազան ոլորտներէ ներս ձեռնարկուած ընթացիկ եւ ապագայ ծրագրերու շուրջ։

Պերճ Սեդրակեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի զրոյցի ընթացքին վարչապետը բարձր գնահատեց ՀԲԸՄ-ի գործունէութիւնը հայ ժողովուրդի հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային զարգացման նպաստելու ուղղութեամբ։ Փաշինեան պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու համար հայապահպանութեան ուղղեալ Հայաստանէ կամ սփիւռքէ ներս ձեռնարկուած ծրագրերուն։ Պերճ Սեդրակեան նշեց, որ սփիւռքի մէջ մեծ խանդավառութեամբ կ՚ընկալուին Հայաստանի դրական փոփոխութիւնները՝ ներառեալ երկրէն ներս արձանագրուող տնտեսական զարգացումներն ու զբօսաշրջութեան ոլորտի միտումները։ Սեդրակեան ընդգծեց, որ միութեան աջակցութեամբ իրականացուող ծրագրերը ուղղուած են Հայաստանի հետ կապերու ամրապնդման եւ սփիւռքի հիմնախնդիրներու լուծման։ Իր խօսքով՝ իրենց նպատակն է ՀԲԸՄ-ի ծրագրերը դարձնել համահունչ կառավարութեան ծրագրերուն, ինչ որ պիտի նպաստէ անոնց արդիւնաւէտութեան ապահովման։

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին ՀԲԸՄ-ի կողմէ զանազան ոլորտներէ ներս՝ մասնաւորապէս, կրթութեան, գիտութեան, զբօսաշրջութեան, ընկերային բնագաւառներէ ներս ձեռնարկուած ծրագրերու ընթացքին եւ ապագային նախատեսուած նախաձեռնութիւններուն։ Նիկոլ Փաշինեան եւ Պերճ Սեդրակեան կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ ազգային նպատակներու շուրջ սփիւռքահայութեան համախմբման, հայապահպանութեան եւ այլ հարցերու վերաբերեալ։

Զրոյցի ընթացքին Պերճ Սեդրակեանի կողքին էին ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի գրասենեակի նախագահ Վազգէն Եագուպեան եւ նոյն գրասենեակի գործադիր տնօրէնուհի Դալար Գազանճեան։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ալ Վեհափառ Հայրապետը եւ Պերճ Սեդրակեան անդրադարձան Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի հայ համայնքերէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն։ Առանձնակի ուշադրութիւն ցուցաբերուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ զանազան ազգային հաստատութիւններու նախաձեռնութիւններուն, շարունակուող ընկերային, կրթական եւ զարգացման ծրագրերուն։ Մասնաւոր քննարկման առարկայ դարձան Հայաստանի զարգացման ներկայ փուլին սփիւռքի ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործման ուղղեալ գաղափարները։

Անդրադառնալով աշխարհասփիւռ հայութեան կեանքէն ներս Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը առաւել աշխուժացնելու եւ հզօրացնելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց հոգեւորականներու պատրաստութեան եւ վերապատրաստութեան կարեւորութիւնը։ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի համայնքներէն ներս հոգեւոր հովիւներու պակասը լրացնելու առումով Նորին Սրբութիւնը փոխանցեց իր գնահատանքը ի դէմս Պերճ Սեդրակեանի՝ ՀԲԸՄ-ին՝ հոգեւոր կրթօճախներու գործունէութեան աջակցելու, ինչպէս նաեւ եկեղեցականներու կրթութիւնը արտերկրի համալսարաններէն ներս ապահովելու բերումով։

Զրոյցի ընթացքին յատկապէս կարեւորուեցաւ Մայր Տաճարի ամրակայման եւ հիմնանորոգման աշխատանքներուն աշխարհասփիւռ հայութեան, ազգային եւ համայնքային հաստատութիւններու մասնակցութիւնը՝ իբրեւ միասնականութեան խորհրդանշան։ Կարծիքներ փոխանակուեցան Մայր Տաճարի հոգատարութեան եւ անխաթար պահպանման նուիրական գործին մէջ ազգային-եկեղեցական կեանքին իրենց մշտական զօրակցութիւնը ցուցաբերող բարերար հայորդիներու, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր հաւատաւոր զաւակի աջակցութիւնը ապահովելու վերաբերեալ։

Հայաստանէ ներս Մայր Աթոռի եւ ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեան ներքեւ գործող բազմատեսակ ծրագրերու շարքին առանձնացուեցաւ դպրոցահասակ երեխաներու եւ պատանիներու համար Հայաստանի զանազան քաղաքներէ ներս Հայորդեաց տուներու գործունէութիւնը։ Ներկայիս ՀԲԸՄ-ի աջակցութեամբ կ՚իրականացուի Երեւանէ ներս Մալաթիայի Հայորդեաց տան հիմնանորոգութեան ծրագիրը։

Պերճ Սեդրակեան Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուց զանազան համայնքներէ ներս իր հանդիպումներուն մասին։ Ան անդրադարձաւ նաեւ վերջին օրերուն Լիբանան կատարած այցելութեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի համայնքներէն ներս հայապահպանութեան եւ հայկական մշակոյթի պահպանութեան ուղղեալ ՀԲԸՄ-ի բոլոր ձեռնարկներուն Հայ Եկեղեցւոյ սպասաւորներուն մշտական աջակցութեան համար։ Պերճ Սեդրակեան Վեհափառ Հայրապետի ուշադրութեան ներկայացուց նաեւ Արցախի մէջ մեկնարկած քանի մը նոր ծրագրերուն մանրամասնութիւնները։

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Պերճ Սեդրակեանին՝ բարձրօրէն գնահատելով Մայր Աթոռի եւ հայոց եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերուն ՀԲԸՄ-ի կողմէ ցուցաբերուած շարունակական զօրակցութիւնը։

Շաբաթ, Յունիս 8, 2019