ԶԳՈՒՇՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը կը շարունակուի բազմակողմանի ձեւով։ Սահմանափակումներու մեղմացման զուգահեռ հանրային կարծիքի աչքին առջեւ կը պարզուին այնպիսի դրուագներ, որոնք
մասնագիտական շրջանակները խոր մտահոգութեան կ՚առաջնորդեն։ Այս իրավիճակին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Նախարար Ֆահրետտին Քոճա ընկերային ցանցերու վրայ յիշեցուց, որ նախազգուշական միջոցներու նուազման զուգահեռ՝ սպառնալիքը կը բարձրանայ։
Երէկուան դրութեամբ, Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 35 հազար 335 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 914 նոր վարակեալ։ Երէկ համաճարակի զոհ գնաց եւս 23 հոգի եւ նոյն ժամանակահատուածին առողջացածներու թիւը եղաւ 2 հազար 647։ Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ 613 հիւանդ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի։ Արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ վարակեալներու թիւն ալ կը կազմէ 274։
Ֆահրետտին Քոճա երէկ տեղեկացուց, որ երկրի քաղաքներէն մէկուն մէջ ապաքինման մաղթանքի համար տրուած այցելութեան մը ընթացքին վարակուած է 190 հոգի։ Ուրիշ քաղաքի մը մէջ ալ զօրակոչի առթիւ տեղի ունեցած հրաժեշտի համախմբման հետեւանքով 58 հոգի վարակուած է։
Զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ ահազանգ կը հնչեցնեն՝ հանրային վայրերու մէջ կուտակուած բազմութիւններուն դէմ ֆիզիքական հեռաւորութեան անհրաժեշտութեան անտեսումով։