ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Իսթանպուլի մէջ վաղը պիտի նշուի յատկանշական յոբելեան մը, որ կարեւոր նշանակութիւն ունի թէ՛ թրքահայ եւ թէ ընդհանրապէս հայ իրականութեան տեսակէտէ, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն առումով։ Այսպէս, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 20-ամեակը։ Այս հանգրուանը կ՚արժեւորուի մշակութային ձեռնարկով մը, որ կ՚իրականացուի ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ եւ ներկայացուցչութեան բարձր հովանաւորութեան ներքեւ։

Երեւանէն այս առաւօտ քաղաքս ժամանեց «Կոմիտաս» ազգային քառեակը, որ վաղը երեկոյեան քաղաքիս մէջ համերգով մը հանդէս պիտի գայ՝ ի նշանաւորումն այս 20-ամեակին։ Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահի երդիքին տակ նախատեսուած է համերգը, որու յայտագրին մասնակցութիւն պիտի բերեն նաեւ դաշնակահարուհիներ Սելէն Կիւլիւն եւ Մելինա Սեճիկեան-Գույումճու։

Սա հայկական դիւանագիտութեան նախաձեռնութեամբ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած երկրորդ մեծ ձեռնարկն է։ Առաջինը՝ 2017 թուականին կազմակերպուած «Քատանս» խումբի համերգն էր, որ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակի յոբելենական շրջանին զուգադիպած էր եւ այդ ժամանակուայ մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեանի մտայղացումով տեղի ունեցած էր։ Այժմ, Սահակ Սարգսեանի պաշտօնավարութեան շրջանին կ՚իրականանայ «Կոմիտաս» ազգային քառեակի համերգը, որով Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան 20-ամեակին առընթեր կ՚արժեւորուին նաեւ անկախութեան մօտաւոր անցեալի 30-ամեայ յոբելեանն ու ՍԾՏՀԿ-ի հիմնադրութեան 30-ամեակը։ Բնականաբար, ՍԾՏՀԿ-ի 30-ամեակը կը նշանակէ նաեւ Հայաստանի՝ այդ կազմակերպութեան անդամակցութեան 30-ամեակը, որովհետեւ ան հիմնադիր երկիրներու շարքին է։

Վաղուան համերգին Սահակ Սարգսեան կը հիւրընկալէ ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լազար Քոմանեսքուն եւ միջազգային քարտուղարութեան ամբողջ վերնախաւը, Արտաքին գործոց նախարարութեան Իսթանպուլի ներկայացուցիչ դեսպան Սալիհ Մուրատ Թամէրը, ինչպէս նաեւ քաղաքիս մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններէ բազմաթիւ ղեկավարներ կամ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Եթէ վերջին պահուն անակնկալներ չյառաջանան, ապա ամենայն հաւանականութեամբ շուրջ տասնեակ մը գլխաւոր հիւպատոս մասնակցի համերգին, որու ընթացքին մշտական ներկայացուցչութեան կողմէ առ ի երախտագիտութիւն պատրաստուած շարք մը յուշանուէրներ ալ պիտի յանձնուին։

Համայնքային շրջանակներն ալ վառ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն այս ձեռնարկին նկատմամբ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մասնաւոր պատգամ մը տուած է այս կարեւոր ձեռնարկին առթիւ եւ այդ մէկը զետեղուած է համերգի գրքոյկի սկիզբին։

Դիւանագէտներու առընթեր, Թուրքիոյ փոքրամասնական հաւաքականութիւններէն, հասարակական կազմակերպութիւններու կամ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հետամուտ շրջանակներէն բազմաթիւ դէմքեր եւ արտասահմանեան հիւրեր ալ մասնակցութիւն պիտի բերեն համերգին։ Ձեռնարկին առթիւ երէկ երեկոյեան Հռոմէն քաղաքս ժամանեց նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Սահակ Սարգսեան համերգի կազմակերպչական աշխատանքներու համակարգումը վստահած է՝ մեր համայնքի անդամներէն բաղկացեալ կարգադիր յանձնախումբի մը, որուն մաս կը կազմեն՝ Սէրտա Արսլան, Լենա Ենիեորկան, Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր, Գարէն Թերզեան, Սելին Թովմասեան, Լարա Թոքաթլըօղլու, Քարոլին Մամիկոնեան, Լիանա Մարաշլեան, Ազնիւ Մեծատուրեան, Սօնա Մենթեշէ, Նաժտա Շատեան, Թալին Սիւզմէ, Թալին Փափազեան, Լեռնա Փափազեան, Սարէմ Շէշէթեան-Քիւլէկէչ, Արա Գօչունեան, Արթիւր Պաղտասարեան (մականունները՝ այբբենական կարգով)։ Կարգադիր յանձնախումբի աշխատանքին միացած են նաեւ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան եւ քարտուղարուհի Էրլին Իսփիրօղլու։ Նախապատրաստական աշխատանքները արդէն թեւակոխած են եզրափակիչ փուլ ու կը նախատեսուի, որ վաղուան համերգը անմոռանալի դառնայ բոլոր մասնակիցներու յիշողութեան մէջ։

Երեկոյթի հանդիսավարները պիտի ըլլան Քարոլին Մամիկոնեան եւ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան։

*

«ԿՈՄԻՏԱՍ» ԼԱՐԱՅԻՆ ՆՈՒԱԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՌԵԱԿԸ

«Կոմիտաս» քառեակը հիմնուած է 1924 թուականին Մոսկուայի երաժըշտանոցի հայ տաղանդաւոր ուսանողներ՝ Աւետ Գաբրիէլեանի, Լեւոն Օհանջանեանի, Միքայէլ Տէրեանի եւ Սարգիս Ասլամազեանի նախաձեռնութեամբ։ 1925 թուականի յունուարին սկսած է իր կանոնաւոր փորձերն ու պարապմունքները՝ փրոֆ. Ե. Մ. Կուզիքովի ղեկավարութեամբ։

Քառեակի առաջին ելոյթը տեղի ունեցած է 1925 թուականի մարտի 1-ին։

1925-1931 թուականներուն քառեակը համերգներով հանդէս եկած է Խորհրդային Միութեան բազմաթիւ քաղաքներուն եւ Հայաստանի մէջ։ 1931-ին արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի պետական քառեակի կոչման։ Օրէցօր զարգացում ապրելով՝ քառեակը մեծ սէր ու ճանաչում ձեռք բերած է։ Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ 1932 թուականին անոր շնորհուած է Մեծն Կոմիտասի անունը։

1934 թուականին քառեակին շնորհուած է Խորհրդային Հայաստանի վաստակաւոր խումբի կոչում։

1938 թուականին երաժիշտները արժանացած են Խորհրդային Հայաստանի վաստակաւոր, իսկ 1945-ին՝ ժողովրդական արուեստագէտներու կոչումներուն։

«Կոմիտաս» քառեակը խորհրդային երաժշտախումբերու շարքին առաջինն էր, որ յետպատերազմեան շրջանին՝ 1953-ին, արտասահման ելոյթներու մեկնած էր։

Իր 95-ամեայ գործունէութեան ընթացքին քառեակը շրջագայած է աշխարհի աւելի քան 50 երկիրներու մէջ։ Իր արուեստով ան նուաճած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Գանատան, Ճաբոնը, Աւստրիան, Անգլիան, Նորվեկիան, Գերմանիան եւ այլ երկիրներ։

«Կոմիտաս» քառեակը համագործակցած է Ս. Ռիխտերի, Ն. Տոռլիակի, Դ. Շոսթաքովիչի, Մ. Ռոսթրոփովիչի, Իկումինովի, Վ. Զայսֆերտի, Մ. Պրունելոյի եւ աշխարհահռչակ այլ երաժիշտներու հետ։ Արամ Խաչատուրեանը «Կոմիտաս» քառեակը բնութագրած է՝ որպէս Հայաստանի երաժշտական արուեստի զարդ։ Բազմաթիւ հայ եւ այլազգի յօրինողներ այս քառեակին նուիրած են իրենց ստեղծագործութիւնները։

52 տարի անընդմէջ քառեակի առաջին ջութակահարն ու գեղարուեստական ղեկավարը եղած է ականաւոր երաժիշտ Աւետ Գաբրիէլեան։ 1970 թուականին ան քառեակ հրաւիրած է Մոսկուայի երաժշտանոցի ուսանող, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր Էտուարտ Թադեւոսեանը, որ մաէսթրոյի կողքին վեց տարի ելոյթներ ունեցած է՝ որպէս երկրորդ ջութակահար։ 1976-ին Աւետ Գաբրիէլեան Կվարներիի իր ջութակը եւ առաջին ջութակահարի տեղը յանձնած է Էտուարտ Թադեւոսեանին, որ առ այսօր կը հանդիսանայ «Կոմիտաս» քառեակի գեղարուեստական ղեկավարը։

ԷՏՈՒԱՐՏ ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆ (Ա. ՋՈՒԹԱԿ)

«Կոմիտաս» ազգային քառեակի գեղարուեստական ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, պետական մրցանակի եւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, փրոֆեսէօր, ծնած է 1947 թուականին, Երեւանի մէջ։

Երեւանի մասնագիտական երաժշտական 10-ամեայ դպրոցի՝ Թաթիանա Հայրապետեանի դասարանի շրջանաւարտ։ Տակաւին դպրոցական տարիներուն՝ 1965 թուականին արժանացած է Անդրկովկասեան հանրապետութիւններու երիտասարդ երաժիշտներու մրցոյթի դափնեկիրի կոչման։

Մոսկուայի երաժշտանոցի փրոֆ. Լէոնիտ Քոկանի սանն է։ 1967 թուականին Լեհաստանի Փոզնան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Հենրիկ Վենեավսքի» միջազգային մրցոյթի դափնեկիր։ 1969 թուականին Փարիզի «Մարկարիտ Լոնկ» եւ «Ժաք Թիփօ» միջազգային մրցոյթի դափնեկիր։ 1967 թուականին սկսած է մենակատար-ջութակահարի համերգային գործունէութիւնը։

1970 թուականին Էտուարտ Թադեւոսեան Մոսկուայի երաժշտանոցի 5-րդ դասարանի ուսանող էր, երբ Աւետ Գաբրիէլեանէն հրաւէր ստացաւ աշխատելու «Կոմիտաս» քառեակին մէջ՝ որպէս Բ. ջութակահար, իսկ 1976 թուականին հայ երաժշտութեան երախտաւոր մաէսթրոյի առաջարկով ստանձնեց քառեակի առաջին ջութակահարի եւ յառաջատարի պարտականութիւնները։ «Կոմիտաս» քառեակի կազմին մէջ Էտուարտ Թադեւոսեան հանդէս եկած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Իտալիա, Ֆրանսա, Մեքսիկա, Վենեզուելա, Քոլոմպիա, Գերմանիա, Սպանիա, Սկովտիա եւ այլուր։

Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ Էտուարտ Թադեւոսեան համերգային գործունէութիւնը մեծ յաջողութեամբ կը զուգակցէ մանկավարժութեան Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցէն ներս՝ որպէս փրոֆեսէօր եւ լարային ամպիոնի վարիչ։

«Կոմիտաս» ազգային քառեակի հիմնադրութեան 95-ամեակի կապակցութեամբ, երաժշտարուեստի զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով, Էտուարտ Թադեւոսեան 2020 թուականին պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցուած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի շքանշանով։

ՍՅԻՒԶԻ ԵՐԻՑԵԱՆ (Բ. ՋՈՒԹԱԿ)

Միջազգային մրցանակներու դափնեկիր, ծնած է 1984 թուականին, Երեւան, երաժիշտներու ընտանիքի մէջ։ Աւարտած է Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցը եւ մագիստրոսութեան բաժնի՝ փրոֆ. Արտաշէս Մկրտչեանի դասարանը։ Երաժշտանոցէ ներս կ՚աշխատի՝ որպէս լարային ամպիոնի դասախօս։ Զանազան համոյթներու եւ սիմֆոնիք նուագախումբերու հետ հանդէս եկած է՝ որպէս մենակատար։ Աշխատած է «Արամ Խաչատուրեան» քառեակին մէջ։ Միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր է։ «Ա. Գաբրիէլեան» եւ «Ս. Ասլամազեան» անուան հանրապետական մրցոյթի յանձնաժողովի անդամ է։

«Կոմիտաս» ազգային քառեակի հիմնադրման 95-ամեակի կապակցութեամբ, երաժշտարուեստի զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով 2020 թուականին պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» մետայլով։

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԿՈՍԵՄԵԱՆ (ԱԼՏ)

Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ, փրոֆեսէօր, ծնած է 1946 թուականին, Երեւանի մէջ։ Աւարտած է Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցի՝ փրոֆեսէօր Հրաչեայ Բոգդանեանի դասարանը։

1990 թուականէն ի վեր «Կոմիտաս» քառեակի ալտահարն է։ Քառեակի կազմէն ներս ելոյթներով հանդէս եկած է աւելի քան 30 երկրի մէջ։ Փոխադրած եւ մշակած է ալտի համար բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ։ Եղած է Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբի «concert maestro»ը եւ «Գանձեր» համոյթի մենակատար։ Մենահամերգներով եւ նուագախումբերով հանդէս եկած է Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ։

2008 թուականին իրեն շնորհուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտի կոչում։

«Կոմիտաս» ազգային քառեակի հիմնադրութեան 95-ամեակի կապակցութեամբ, երաժշտարուեստի զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով, 2020 թուականին պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցուած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի շքանշանով։

Ալեքսանդր Կոսեմեան Երեւանի պետական երաժշտանոցի փրոֆեսէօր է, «Ա. Գաբրիէլեան» եւ «Ս. Ասլամազեան» անուան հանրապետական մրցոյթի յանձնաժողովի անդամ է։

ԱՆՃԵԼԱ ՍԱՐԳՍԵԱՆ (ԹԱՒՋՈՒԹԱԿ)

Հանրապետական մրցոյթներու դափնեկիր, 1987 թուականին ծնած է Երեւանի մէջ։ 1994 թուականին ընդունուած է «Չայքովսքի» միջնակարգ երաժշտական մասնագիտական դպրոց։ 2004 թուականին ընդունուած է Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցը՝ Մետէա Աբրահամեանի դասարան։ 2010 թուականին ընդունուած է Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբ։ 2010-2012 թուականներուն փառատօներու մասնակցած է Գերմանիոյ եւ Լեհաստանի մէջ։ Հանրապետական մրցոյթներու դափնեկիր է։

Վարպետութեան դասեր ունեցած է յայտնի թաւջութակահարներու՝ Նաթալիա Կութմանի, Տաւիտ Կերինկասի, Վահրամ Սարաճեանի, Կարինէ Գէորգեանի, Ալեքսանդր Չաուշեանի հետ։

*

ՍԵԼԷՆ ԿԻՒԼԻՒՆ

Յօրինող, երգահան, դաշնակահարուհի, ձայներգչուհի ու կրթական մշակ Սելէն Կիւլիւն երաժշտական գործունէութեան սկսած է 7 տարեկան հասակին՝ Իսթանպուլի քաղաքապետութեան երաժշտանոցէն ներս։ 1992 թուականին աւարտած է Իսթանպուլի համալսարանի կառավարման բաժինը ու նոյն տարին մուտք գործած՝ «Միմար Սինան» համալսարանի պետական երաժշտանոցը, ուր սկսած է աշխատիլ դաշնակի եւ յօրինման մարզերուն վրայ։ 1996 թուականին կրթաթոշակի մը արժանանալով մեկնած է Պոստոն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր Պէօրքլիի երաժշտական քոլէճէն ներս ճազի երգագրութիւն ուսանած է։ 1998 թուականին շրջանաւարտ եղած է մասնաւոր յաջողութեան աստիճանով եւ համապատասխան մրցանակով։ Իսթանպուլի Թեքնիք համալսարանի Երաժշտական յառաջացեալ հետազօտութիւններու կեդրոնէն ներս մագիստրոսութեան ուսումը 2003 թուականին աւարտած է՝ մասնագիտանալով արդի երաժշտութեան յօրինման վրայ։ 1998-2016 թուականներուն Իսթանպուլի «Պիլկի» համալսարանի երաժշտական բաժնին մէջ դասախօսած է դաշնակահարութեան, յօրինման եւ երաժշտական տեսութեան մասին։

Նուաճած է շարք մը կարեւոր մրցանակներ. ինչպէս՝ Charles Mingus Composition Award (1998), British Council Visiting Arts, Creative Collaboration in Music (2003)։

Յօրինումներու առընթեր Թուրքիոյ կամ արտասահմանի մէջ բեմական կատարումները կը շարունակէ՝ իր իսկ կողմէ հիմնադրուած զանազան ճազի կամ արդի երաժշտութեան խումբերու հետ։

Ունի թողարկուած եօթ ալպոմ եւ հինգ «սինկըլ», որոնք կը կոչուին՝ «Just About Jazz Live (recjazz, 2005)», «Selen Gülün Trio Sürprizler» (recjazz, 2006)», «Selen Gülün - SOLO (CDBaby 2017)», «Answers (pozitif, 2010)», «Başka (linrecords, 2013)», «Kadınlar Matinesi (AK Müzik, 2017)», «Many Faces (iKi Muzik, 2019)», «Sea by Sea (2019)», «Yollar (2020)», «Yavaş (2020)», «Daha Yavaş (2020)», «TRE (2021)»։

Իտալացի երաժշտագէտ Փաթրիսիա Աթքինս Չիթիի հետ հեղինակած է «Թուրքիոյ մէջ կինն ու երաժշտութիւնը» գիրքը, որ կը հետապնդէ երկրէն ներս իգական սեռէ յօրինողներու հետքերը՝ հրատարակուած 2019 թուականին, Իսթանպուլի «Պիլկի» համալսարանի հրատարակչութեան կողմէ։

*

ՄԵԼԻՆԱ ԳՈՒՅՈՒՄՃՈՒ

Ծնած է Պոլիս։ 1983 թուականին Իսթանպուլի քաղաքապետութեան երաժշտանոցէն ներս սկսած է դաշնամուրի ուսման։ Փրոֆ. Մերալ Եափալըի հետ դաշնամուրի, Տույկու Իւնալի հետ սոլֆէժի եւ փրոֆ. Էմէլ Չելեպիօղլուի հետ արմոնիի դասերու հետեւած է։ 1990 թուականէն սկսեալ դաշնակահարութեան աշխատանքը շարունակած է փրոֆ. Ճանա Կիւրմանի հետ։

1997 թուականին Իսթանպուլի համալսարանի պետական երաժշտանոցի նուագախումբի ընկերակցութեամբ, «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնի համերգասրահէն ներս մեկնաբանած է Պեթհովէնի Թիւ 1 դաշնակի քոնչերթոն։ Համալսարանական ուսման շրջանին մասնակցած է՝ Լէոնիթա Մարկուլիս, Իրինա Զարիցքայա, Հիւսէյին Սերմէթ եւ Ալեքսանտր Տիեւի նման հեղինակաւոր երաժիշտներու վարպետութեան դասերուն։ 1998 թուականին Իսթանպուլի միջազգային երաժըշտական փառատօնի շրջանակին մէջ սենեկային երաժշտութեան համերգ մը տուած է «Օրիոն» վեցեակին հետ։ 2000 թուականին Իսթանպուլի համալսարանի պետական երաժշտանոցը աւարտած է գերազանց աստիճանով։ Ուսման տեւողութեան Աւստրիոյ մշակոյթի գրասենեակի, Իտալական մշակոյթի կեդրոնի նման զանազան վայրերու համերգասրահներուն մէջ հանդէս եկած է մենահամերգներով, սենեկային երաժշտութեան կատարումներով եւ ընկերակցութիւններով։

2003 թուականին դասախօս նշանակուած է Իսթանպուլի համալսարանի պետական երաժշտանոցէն ներս։ Մագիստրոսութեան եւ գեղարուեստական հմտութեան աշխատանքները ի կատար ածելով արժանացած է տոքթորականի կոչման։

Իսթանպուլի համալսարանի պետական երաժշտանոցի դաշնամուրի գլխաւոր բաժնէն ներս կը շարունակէ դաշնակահարութեան եւ ընկերակցութեան դասեր տալ։

*

20 ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հանդիսանալով Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) հիմնադիր անդամ՝ Հայաստան այս կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր կը շարունակէ ջանքեր գործադրել բազմակողմանի եւ ներառական տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ։

Հայաստան պարբերաբար կը մասնակցի կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս իրականացուող միջոցառումներուն՝ իր ներդրումը բերելով մասնաւորապէս ՍԾՏՀԿ-ի թեմաթիք աշխատանքային խումբերուն եւ ոլորտային բարձրաստիճան հանդիպումներուն։

Ցայսօր Հայաստան հինգ անգամ ստանձնած է ՍԾՏՀԿ-ի նախագահութիւնը՝ 1998-ին, 2003-ին, 2009-ին, 2013-ին եւ 2018-ին։ Հայաստանի վերջին նախագահութեան գլխաւոր նպատակն էր ՍԾՏՀԿ-ի տարածաշրջանէն ներս տնտեսական համագործակցութեան յառաջ մղումը՝ ներառելով ՍԾՏՀԿ-ի առընչուող մարմիններու (ՍԾՏՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողով, Սեւծովեան առեւտուրի եւ զարգացման դրամատուն, ՍԾՏՀԿ Գործարար խորհուրդ, Սեւծովեան ուսումնասիրութիւններու միջազգային կեդրոն), դիտորդներու եւ երկխօսութեան ոլորտային գործընկերներու միջեւ փոխգործակցութեան ամրապնդումը, նախագծայեն օրակարգի խթանումը, անդամ պետութիւններու միջեւ բազմակողմանի ոլորտային փոխգործակցութեան զարգացումը՝ մասնաւորապէս՝ տեղեկատուական ու հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւններու, գիտութեան եւ արհեստագիտութեան, գիւղատնտեսութեան ու գիւղարդիւնաբերութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ։ 2018 թուականի Հայաստանի նախագահութեան յաջողութիւններէն է 2012 թուականէն ի վեր քննարկուած ՍԾՏՀԿ Կանաչ ուժանիւթի հայեցակարգի ընդունուիլը։

Անցեալ երեսուն տարիներուն Հայաստան ՍԾՏՀԿ-ի շրջանակներէն ներս կազմակերպած է շարք մը միջոցառումներ։ Վերջին շրջանին՝ որպէս ՍԾՏՀԿ-ի տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւններու աշխատանքային խումբի համակարգող երկիր, Հայաստան կազմակերպած է բարձրաստիճան յարակից միջոցառում՝ տեղեկատուութեան արհեստագիտութիւններու ոլորտի համաշխարհային 23-րդ համագումարի (WCIT 2019) շրջանակներէն ներս, մշակութային զբօսաշրջութեան եւ թուային փոխակերպման նուիրուած ձեռնարկ, իսկ որպէս կազմակերպութեան ուժանիւթի աշխատանքային խումբի ընթացիկ համակարգող երկիր՝ «Կանաչ ուժանիւթը ՍԾՏՀԿ-ի տարածաշրջանէն ներս եւ անկէ դուրս» խորագրեալ ուէպինար։

2001 թուականի օգոստոսէն ի վեր Իսթանպուլի մէջ կը գործէ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնը։ Այս ընթացքին մշտական ներկայացու ցիչներ եղած են Տեարք Արսէն Աւագեան, Կարէն Միրզոյեան եւ Միքայէլ Վարդանեան։

ՍԾՏՀԿ-ի 30-ամեակի համատեսքին մէջ Հայաստան կ՚ընդգծէ տարածաշրջանային համակարգուած գործողութիւններու իրականացման անհրաժեշտութիւնը՝ ուղղուած փոխշահաւէտ տնտեսական համագործակցութեան, նորարարական եւ կայուն զարգացման, բարձր մրցունակութեան խթանման համար նպաստաւոր միջավայրի ձեւաւորման։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2022