Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՊԱՇՏՕՆ
Հայաստան 2025-2027 թուականներուն համար ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի անդամ ընտրուեցաւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանէն ներս այս ուղղութեամբ կայացած քուէարկութեան արդիւնքով Հայաստան ստացաւ 148 քուէ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ ամփոփ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ հայկական կողմը յանձնառու է նպաստելու միջազգային համագործակցութեան Կայուն զարգացման 2030 օրակարգի իրականացման ուղղութեամբ։
Շաբաթ, Յունիս 8, 2024