ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐ

Կրօնական ժողովի վերընտրեալ ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին ուշագրաւ հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստանի «tert.am» կայքէջին։ Նորին սրբազնութիւնը, որ շուրջ տասն տարի վարած էր պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնը, տեղապահի ընտրութեան արդիւնքին հիման վրայ յանձնեց Աթոռին ղեկը։ Այս հարցազրոյցին մէջ ան անդրադարձած է տեղապահի ընտրութեան եւ ըսած է, որ տեղապահ ընտրուիլը թէ՛ իր եւ թէ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի պարագային յաղթանակ մը չի համարեր։ «Պարզապէս չորս-հինգ ամսուան ժամանակաշրջանի մը մէջ տեղապահը պէտք է վարէ պատրիարքական ընտրութիւններու աշխատանքները։ Այստեղ որեւէ յաղթանակ չկայ», ըսաւ ան։

Նորին սրբազնութիւնը պատասխանած է այն հարցման, թէ իր տեղապահ չընտրուիլը արդեօք չի՞ նշանակեր, թէ համայնքէն ներս դժգոհութիւն կայ իրեն դէմ։ Ան յայտնած է, որ պէտք չէ հոգեւորականներու որոշումը համայնքի որոշման հետ նոյն կշիռքի վրայ դնել։ Միթէ հոգեւորականները հաշուի առա՞ծ են համայնքի տրամադրութիւնները։ Այս հարցման ի պատասխան ան նշած է հետեւեալը. «Ո՛չ, բացարձակապէս կապ չունի։ Ճնշումներու տակ քուէարկած են, նիւթական, կաշառք առաջարկած են, ճնշումներ գործադրուած են։ Ամէն ինչով ալ ազդած են հոգեւորականներուն վրայ»։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան համաձայն չէ գտնուած տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի այն խօսքերուն հետ, թէ տեղապահի ընտրութիւնները ժողովրդավարական ճանապարհով տեղի ունեցած են։ «Ժողովրդավարական կ՚ըլլան արդէն պատրիարքական ընտրութիւնները, ոչ թէ տեղապահի ընտրութիւնները։ Տեղապահի ընտրութիւններուն միայն հոգեւորականները մասնակցած են։ Իսկ պատրիարքական ընտրութիւններուն ով որ շահի, ան ժողովրդավարական ճանապարհով յաղթանակ կը տանի», ըսած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ մատնանշած՝ որ այս բոլորով հանդերձ, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ իր յարաբերութիւնները շատ լաւ են, խնդիրներ չունին։ «Խնդիր ըլլալու անհրաժեշտութիւն ալ չկայ», ըսած է ան։

Պատրիարքական ընտրութեան ընթացակարգին վերաբերեալ տարրական բացատրութիւններ տալու զուգահեռ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնած է, որ պետութիւնը որեւէ ձեւով չի միջամտեր Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութիւններուն, թէեւ առանց պետութենէն ընտրական կանոնադրութիւնը ստանալու կարելի չէ նախաձեռնել ընտրական գործընթացին։ Նորին սրբազնութիւնը դժուարացած է պատասխանել, թէ ե՞րբ կը ստացուի կանոնադրութիւնը։

Հարցազրոյցի տեւողութեան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նշած է, որ թէեւ ինքն ալ պատրիարք ընտրուելու համար պիտի պայքարի միւս թեկնածուներուն նման, սակայն առանձնապէս սպասումներ չունի։ «Ով որ ընտրուեցաւ, պատրիարք է, չընտրուելու պարագային՝ եպիսկոպոս է, պէտք է շարունակէ պաշտօնավարել։ Պատրիարք չընտրուելով՝ ոչ ոք հոգեւորականութիւնը պիտի թողէ։ Եկեղեցւոյ անդամ ենք, բոլորս ալ մեր գործերը ունինք», ըսած է ան։ Թէ որքանով իրեն համար կարեւոր է Պոլսոյ պատրիարք ընտրուիլը՝ այս կապակցութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ըսած է հետեւեալը. «Սա ինձ համար բնաւ կարեւոր չէ։ Պատրիարքական Աթոռին բազմողը պէտք է չարչարուի։ Պատմութեան մէջ ալ միշտ այդպէս եղած է։ Մեսրոպ Պատրիարքի օրինակն ալ վերջինն է»։ 

Հարցազրոյցի ընթացքին ան պատասխանած է նաեւ հարցումի մը, ըստ որու որպէս ընդհանուր փոխանորդ պաշտօնավարած ժամանակաշրջանին ան համագործակցած է պետութեան հետ  եւ այս պայմաններուն ներքեւ աջակիցներ կ՚ունենա՞յ պատրիարքական ընտրութեան փուլին։ «Առանց պետութեան հետ համագործակցելու՝ չես կրնար։ Ամէն երկրի մէջ ալ պետութեան հետ պէտք է հաշտ ըլլաս։ Սա շատ պարզ է», պատասխանած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Թղթակիցը օրակարգի վրայ բերած է նաեւ այն հաւանականութիւնը, ըստ որու յառաջիկայ պատրիարքական ընտրութիւններուն պետութիւնը կրնա՞յ աջակցիլ իրեն։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան «պարապ հարց» համարած է այդ դիտարկումը։ «Պետութիւնը պիտի չխառնուի գործընթացին։ Իր խնդիրը չէ, թէ ով կ՚ըլլայ պատրիարք», ըսած է ան։

Կայքէջի աշխատակիցներէն Հռիփսիմէ Յովհաննիսեանի կողմէ կատարուած այս հարցազրոյցին կապակցութեամբ կապ հաստատեցինք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Տեղապահի ընտրութենէն առաջ նորին սրբազնութիւնը ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկած էր յայտարարութիւնով մը, որ արձագանգ գտած էր նաեւ համայնքային մամուլին մէջ։ Ան վստահութիւն յայտնած էր մեր հոգեւորական դասու արժանապատուութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեան համար։ Իսկ հիմա Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը յայտնէ, որ տեղապահի ընտրութիւններուն ժամանակ հոգեւորականները ճնշումներու տակ քուէարկած են, անոնց կաշառք առաջարկուած է։ Միթէ այս բոլորին մէջ հակասութիւն մը չկա՞յ։ Ի պատասխան նորին սրբազնութիւնը մեզի յայտնեց հետեւեալը. «Ես իմ յայտարարութենէն չեմ շեղած։ Հարցազրոյցին ժամանակ ես պարզապէս ըսած եմ, փոխանցած եմ այն տուեալները, որոնք Եկեղեցականաց համագումարի ժամանակ անհանգստութեամբ բարձրաձայնուած են կարգ մը հոգեւորականներու կողմէ։ Այնտեղ մարդիկ անուններ տալով խօսած են այս խնդիրներուն մասին եւ ես այդ հիման վրայ արտայայտուած եմ յիշեալ հարցազրոյցին մէջ։ Ես չեմ փափաքիր այդպիսի տուեալներու հրապարակումով խնդրայարոյց կացութիւն ստեղծել համայնքէն ներս եւ այդ պատճառով ալ Պոլսոյ մէջ ոչինչ ըսած եմ տեղապահի ընտրութենէն վերջ։ Բայց ես իմ խօսքը ըսած եմ Եկեղեցականաց համագումարի ժամանակ եւ բոլորը գիտեն այդ մասին»։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՏԵՂԱՊԱՀԸ

Այս բոլորին կապակցութեամբ կարծիքը շօշափեցինք նաեւ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին։ Ան եւս հաստատեց, որ Եկեղեցականաց համագումարի ժամանակ քահանայ մը հանդէս եկած է նման յայտարարութիւնով  մը։ Սակայն, նորին սրբազնութիւնը համոզուած չէ, թէ կաշառքի պարագաներ կան։ «Այդ քահանան ունէր որոշ նիւթական խնդիրներ եւ պարզապէս ակնարկուած է, որ լուծումներ կը գտնուին այդ հարցերուն համար»։

Տեղապահ սրբազան հայրը նշեց, որ երբեմն հոգեւորականները իրենք իսկ նման վիճակներու մէջ կը զբաղին այսպիսի հարցերով, իսկ երբեմն ալ աշխարհականներ, թագաւորէն աւելի թագաւորական դառնալով՝ կը մտնեն այսպիսի գործերու մէջ։ «Ես գիտեմ, որ Արամ Սրբազանն ալ ընտրութենէն առաջ ունեցած է նման գործելաոճ մը։ Ան եւս բանեցուցած է ճնշումներ, սպառնալիքներ ըրած է, երդումներ առած է հոգեւորականներէն։ Ի վերջոյ ժողովրդավարական ձեւով մը վերջացած է տեղապահի ընտրութիւնը։ Ան պէտք է մարսէ պարտութիւնը։ Մենք ալ այլեւս պէտք է անցնինք առաջ՝ կեդրոնանալու համար պատրիարքական ընտրութեան պատրաստութեան վրայ», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ աւելցուց, որ մեր հոգեւորականաց դասու անդամները քուէարկած են Աստուծոյ ապաւինութեամբ։ Եթէ այս իրավիճակին մէջ տեղապահ ընտրուած ըլլար Արամ Սրբազան, ապա ան որեւէ առարկութիւն պիտի չունենար։ Հետեւաբար, նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ յաչս մեր ժողովուրդին կասկածներ պէտք չէ յարուցել ու պէտք է լծուիլ աշխատանքի։

Առիթէն օգտուելով իրեն հարց տուինք նաեւ նախաձեռնարկ մարմնի կազմութեան հարցին շուրջ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտնեց, որ այս փուլին անհրաժեշտ են շարք մը խորհրդակցութիւններ, որոնց աւարտին, ամենայն հաւանականութեամբ, շուրջ տասն օրուան ընթացքին կազմուած ըլլայ նախաձեռնարկ մարմին մը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2019