ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՎԱՐԱԿ

Չինաստանի մէջ յանձնարարականներ տուած են այտուցային ժանտախտ յայտնաբերելէ յետոյ։ Այսպէս, Փեքինի Հիւանդութիւններու վերահսկողութեան եւ կանխարգիլման կեդրոնը Ներքին Մոնղոլիայի ինքնավար շրջանէն ներս այտուցային ժանտախտի դէպքի կապակցութեամբ բնակիչներուն յանձնարարած է չգիշերել արօտավայրերու ու տափաստաներու մէջ, շատ չմօտենալ վայրի կենդանիներուն։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումով, աւելի առաջ հաղորդուած էր, որ այտուցային ժանտախտ ստուգուած է Պայան-Նուր քաղաքին մէջ։

«Երէկ Պայան-Նուր քաղաքին մէջ ստուգուած է այտուցային ժանտախտի դէպք: Քաղաքի բնակիչներուն կը յիշեցնենք, որ արօտավայր ուղեւորութիւններու պարագային անհրաժեշտ է ձեռնարկել կանխարգելիչ միջոցներ, պէտք չէ շատ մօտենալ վայրի կենդանիներուն կամ օգտագործել անոնց միսը, նաեւ չի յանձնարարուիր գիշերել այնտեղ», յուլիսի 6-ին տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Փեքինի Հիւանդութիւններու վերահսկողութեան եւ կանխարգիլման կեդրոնի փոխ-ատենապետ Փան Սինխօ:

Այտուցային ժանտախտը կը համարուի ժանտախտի՝ աշխարհի մէջ առաւել շատ տարածուած ձեւը եւ կը յառաջանայ վարակուած լուի խայթելու հետեւանքով: Ժանտախտին պատճառ կը դառնայ՝ Yersinia pestis մանրէն, մարդու մարմին կը թափանցէ խայթելու վայրին մէջ եւ աւշային համակարգով կը յառաջանայ մինչեւ մօտակայ աւշային հանգոյց, ուր կը սկսի բազմանալ: Աւշային հանգոյցը կը բորբոքի, կ՚ուռենայ եւ կը ստեղծէ ցաւի զգացողութիւններ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020