ԹԱՆԳԱՐԱՆԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնը այս շրջանին ձեռնամուխ եղած է «Յուշերու տուն» անուանեալ նոր կրթական ծրագրի մը, որու պաշտօնական մեկնարկը երէկ յայտարարուեցաւ թանգարանի աղբիւրներուն կողմէ։

Շարունակելով կարեւորել թանգարանային կրթութիւնը, «Գաֆէսճեան»ը կը ներկայացնէ այս կրթական նախագիծը, որ հիմնուած է «Գագիկ Յարութիւնեան. մոռացումի անսպասելի գեղեցկութիւնը» ցուցադրութեան վրայ։ Ծրագիրը նախատեսուած է եօթ տարեկանէ բարձր դպրոցականներու եւ ընտանիքներու համար։ Սոյն կրթական ծրագրի նպատակն է ներկայացնել հայ ժամանակակից արուեստագէտ Գագիկ Յարութիւնեանի ստեղծագործութիւնները՝ մասնակիցներու միջեւ քննարկում ծաւալելով յիշողութեան երեւոյթի եւ ցուցադրուած ստեղծագործութիւններու մէջ անոր արտացոլման շուրջ։

«Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնի ստեղծագործական սրահի երդիքին տակ մասնակիցները իրենց հետ բերուած լուսանկարներու պատճէններու օգնութեամբ կը ստեղծեն քոլաժներ՝ օգտագործելով Գագիկ Յարութիւնեանի «Ընտանեկան դիմանկար» շարքի ստեղծագործութիւններու քոնսեփթը։ Կրթական ծրագիրը նաեւ հրաշալի առիթ մըն է, որպէսզի մասնակիցները վերարտադրեն իրենց վաղ մանկական յուշերը եւ բաժնեն իրարու հետ լուսաւոր պատումներ։

Ծրագրին մասնակցութիւնը անվճար է եւ մասնակցութեան համար պարտադիր՝ արձանագրութիւնը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021