ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԵՐԷԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա, ուր ընդունուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Քրեմլինի պալատէն ներս տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներու հանդիպումը, որու ընթացքին Փաշինեան ըսաւ. «Ռուս խաղաղապահներու տեղակայումէն յետոյ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը կայուն է, սակայն, երբեմն անկայունութեան օճախներ կը ստեղծուին, անկայուն է նաեւ վիճակը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ»։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններու ընդհանուր ընթացքը աչքէ անցընելէ յետոյ Փաշինեան եւ Փութին երէկուան զրոյցին ժամանակ մասնաւորապէս կանգ առին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային իրավիճակին եւ գերիներու վերադարձի վերաբերեալ խնդիրներու վրայ։

Փութին Փաշինեանը շնորհաւորեց վերջին ընտրութեան ժամանակ ապահոված յաջողութեան համար։ Ան ընդգծեց, որ վարչապետը կը վայելէ ժողովուրդի վստահութիւնը։

«Վերջին ժամանակներուն մենք յաճախ կը քննարկենք անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր, որովհետեւ մեր տարածքաշրջանէն ներս անկայուն իրավիճակ է։ Ի հարկէ, բոլորը գիտեն 44-օրեայ պատերազմը հրադադարի հասցնելու ուղղութեամբ ձեր գործադրած անձնական եւ Ռուսաստանի ջանքերուն մասին», ըսաւ Փաշինեան եւ յիշեցուց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրավիճակը անկայուն է ու վերջին երկու ամիսներու ընթացքին ստեղծուած է մշտական անհանգստութեան օճախ մը։ Վարչապետը Մոսկուայի մէջ յոյս յայտնեց այս հարցին շուրջ ժամկէտներու ճշգրտման ուղղութեամբ։

Փաշինեան-Փութին հանդիպման լոյսին տակ Երեւանի զանազան աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ռուսական զօրքերու տեղակայումը այլեւս կը համարուի պարզապէս ժամանակի հարց։

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021