«ԳՆԵՑԷ՛Ք ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ»
Քուէյթահայ յայտնի գործարար, ազգային-հասարակական գործիչ Կիրակոս Գույումճեան միջոցէ մը ի վեր յառաջ կը տանի նախաձեռնութիւն մը, որ կը կոչուի՝ «Գնեցէ՛ք Հայաստանէն»։ Անցեալ ամառ այս նախաձեռնութիւնը լայն տարածում գտաւ եւ անմիջական ընդունելութեան արժանացաւ եւ այս ամառ եւս Կիրակոս Գույումճեան յամառօրէն կ՚աշխատի այդ յաջողութիւնը տեւականացնելու առաջադրութեամբ։ Նախաձեռնութեան նպատակն է նպաստել Հայաստանի տնտեսութեան։ Ան կը հետապնդէ առեւտուրի զարգացման ճանապարհով տեղական արտադրութիւնը խթանելու նպատակը։ Նախաձեռնութիւնը առաջին հերթին կը թիրախաւորէ զբօսաշրջութեան բնագաւառը։ Ժամանակաւոր կեցութեամբ Հայաստան մեկնածներուն կոչ կ՚ուղղուի, որպէսզի իրենց գնումները կատարեն Հայաստանի տեղական շուկայէն։ Ուշադրութիւն կը հրաւիրուի նաեւ Հայաստանի առատ եւ հարուստ շուկայի մրցունակ գիներուն եւ ապրանքներու բարձր որակին վրայ։ Առեւտուրի զարգացման ճանապարհով կը նախատեսուի փոքր տնտեսութիւններու ձեւաւորումը եւ Հայաստանի մէջ արտադրութեան զարկ տրուիլը։ Ի լրումն այս բոլորին, Կիրակոս Գույումճեանի նախաձեռնութիւնը ունի նաեւ յաւելեալ նպատակ մը. բազմապատկել օտար դրամանիշերու հոսքը դէպի Հայաստան, ինչ որ երկրի տնտեսութեան վերելքին տեսակէտէ էական նշանակութիւն կրնայ ունենալ։
Կիրակոս Գույումճեան վերջերս Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեց՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մանրամասնութիւններ հաղորդելով իր նախաձեռնութեան կապակցութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի մամուլի սրահին մէջ ան յայտնեց, որ տարուայ ընթացքին բազմաթիւ երկիրներէ հայեր պարբերաբար կ՚այցելեն Հայաստան։ «Գնեցէ՛ք Հայաստանէն» նախաձեռնութեան հիմնական գաղափարը կամ իմաստը այն է, որ հայերը Հայաստանի մէջ գնեն իրենց հարկաւոր ապրանքները։ «Զբօսաշրջային այցելութիւններէ առաջ այլ քաղաքներու մէջ իրենց գնումները կատարելու տեղ՝ անոնք թող Հայաստանի մէջ իսկ գնումներ կատարեն», ըսաւ Կիրակոս Գույումճեան եւ աւելցուց, որ Հայաստանի մէջ ալ գոյութիւն ունին բազմաթիւ խոշոր առեւտուրի կեդրոններ։
Կիրակոս Գույումճեան ընդգծեց, որ ներկայիս կը պատրաս-տըւին այս նախաձեռնութեան նոր թափ մը տալ՝ օգտագործելով ընկերային ցանցերու եւ մետիայի հնարաւորութիւնները։ «Այս գաղափարի լայնօրէն իրականացումը կը նպաստէ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման։ Եթէ այս միտքը լայն տարածում գտնէ, ապա կը նպաստէ տեղական շուկայի աշխուժացման, որն ալ իր հերթին առիթ կը հանդիսանայ արտադրութեան ընդլայնման, նոր արտադրութիւններու ստեղծման», համոզ-ւած է Կիրակոս Գույումճեան։
Ի դէպ ոչ միայն կարելի է ապրանք գնել Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ այնտեղ կարելի է օգտուիլ բժշկական ծառայութիւններէ։
Կիրակոս Գույումճեան կը շեշտէ, որ Հայաստանի մէջ գնումներու կատարումը պէտք է դառնայ մշակոյթ։
Արդէն քառասուն տարիէ ի վեր Կիրակոս Գույումճեան ունի իր գործը Քուէյթի մէջ։ Ան կը զբաղի գունաւոր մետաղներու վաճառքով։