ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԵՑԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՌԿԱՅ ՀՐԱՏԱՊ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱԳՐԱՒՄԱՆ ՇՈՒՐՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հետ։ Այս առթիւ քննարկուեցան Պէյրութի մէջ պատահած հուժկու պայթումի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ լիբանանահայ համայնքի հետ կապուած խնդիրները։

Արմէն Սարգսեան եւ Պերճ Սեդրակեան անդրադարձան պայթումի հետեւանքներուն՝ մասնաւորապէս, լիբանանահայութեան կրած մարդկային եւ նիւթական կորուստներուն ու վնասներուն։ Զրուցակիցները քննարկեցին լիբանանահայ համայնքի ի նպաստ անհրաժեշտ հրատապ օգնութեան հարցը։ Միեւնոյն ժամանակ, հաշուի առնելով իրավիճակի բարդութիւնը եւ բնոյթը՝ անոնք մատնանշեցին, որ օժանդակութիւնը պէտք է շարունակական ըլլայ։ Արմէն Սարգսեան եւ Պերճ Սեդրակեան կարեւորեցին համակարգուած օգնութեան ծրագրերու իրականացումը թէ՛ պետութեան եւ թէ ազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու կողմէ։

Բաց աստի, նախագահ Արմէն Սարգսեան նամակներ ուղակեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Գրիգոր-Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանին։ Հարկ է յիշեցնել, որ Արմէն Սարգսեան պայթումէն անմիջապէս վերջ նամակ մըն ալ ուղարկած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2020