ՔՈՃԱ. «ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒՄԸ ՎԱՐԱԿԻ՞Ն ՊԻՏԻ ԹՈՂՈՒՆՔ»

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ ներկայացուց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ 56 հազար 726 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1185 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 15 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ՝ 1028։ Ներկայ դրութեամբ 586 հիւանդի պարագան կը գնահատուի ծանր։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա ընդգծեց, որ նախընթաց օրուան նման՝ երէկ ալ նոր վարակեալներու թիւը աւելի բարձր եղած է առողջացածներու բաղդատմամբ։ Թուրքիոյ մէջ կատարուած քննութիւններու թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ։ Ըստ նախարարին, մինչեւ նոր դէպքերու թիւի նուազիլը՝ նախազգուշական միջոցներու տեսակէտէ պէտք է ըլլալ չափազանց ուշադիր։ Լաւ լուրերը կախում ունին նախազգուշական միջոցներու նկատմամբ հնազանդութենէ։

«Մեր կեանքի առաջնորդումը վարակի՞ն պիտի թողունք, թէ ոչ նախազգուշական միջոցներով մենք հակակշռի տակ պիտի առնենք վարակը։ Կրնանք յաջողիլ», ընկերային ցանցերու վրայ արձանագրեց նախարար Ֆահրետտին Քոճա։

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2020