ԱՆՆԵՐԵԼԻ ԽԱԲԿԱՆՔ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը շաբաթավերջին տակն ու վրայ եղաւ՝ մօտալուտ համայնքային ընտրութիւններուն վերաբերեալ զգայացունց դէպքով մը։ Աւելի քան տասն տարուայ սպասումէ մը վերջ, Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան համար հրապարակուած նոր կանոնադրութիւնը փոփոխութեան մը, թարմութեան ու թօթափումի մը հեռանկարը ուրուագծած է մեր համայնքին առջեւ։ Թէեւ նոր կանոնադրութիւնը ունի բազում վիճելի կէտեր, նոյնիսկ անպատեհութիւններ, սակայն, համայնքէն ներս ընդհանուր ըմբռնում մը գոյացած է, որպէսզի այդ բոլորով հանդերձ, ընտրութեան հեռանկարը չվնասուի եւ ժամանակի ընթացքին հարթուին խնդիրները։ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) հարթակին վրայ վերջին ամիսներուն երկար աշխատանք տարուեցաւ, որպէսզի նոր կանոնադրութեան գործադրութեան վերաբերեալ հասարակաց գետին մը ստեղծուի, նոյնիսկ համատեղ ընտրական մարմիններ ձեւաւորուեցան՝ ըստ ընտրաշրջաններու։ Այլեւս բոլորը գործնական աշխատանքի վրայ կեդրոնացած էին, սակայն, վրայ հասաւ իսկապէս տխուր խափանարարութեան համազօր իրադարձութիւն մը։

Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին վերահասու դարձան, թէ Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ինքնագլուխ դիմում մը կատարած է ընտրութեան ձեռնարկելու համար՝ միայն 800 հոգի արձանագրած ըլլալով՝ որպէս քուէարկու։ Ակնյայտ է, որ այս զարտուղի քայլը աններելի խաբկանք մըն է եւ բացայայտ ոտնձգութիւն մը՝ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն դէմ։ Արդարեւ, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ներդաշնակութիւնը կը թիրախաւորուի այսպէսով, ինչ որ անխուսափելիօրէն անհանգըս-տացուցիչ կասկածներու ալ դուռ կը բանայ։

Օրթագիւղի թաղային խորհուրդի այս քայլը պատճառ դարձած է համատարած պոռթկումի։ Ստեղծուած ցասումը ամբողջութեամբ կը ցոլացնէ ERVAB-ի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական յայտարարութիւնը, որու թրքերէն բնագիրը ներկայացուած է յարակից սիւնակին մէջ։ Մինչ այդ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ Գնալը կղզիի Աթոռի ամարանոցին մէջ շաբաթավերջին տեսակցած է Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքենտէր Շահինկէօզի հետ։ Այս հանդիպման լոյսին տակ Պատրիարքական Աթոռն ալ հանդէս եկած է պաշտօնական յայտարարութիւնով մը, որու թրքերէն բնագիրը կարդալ յարակից սիւնակին մէջ։ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնն ալ հանդէս եկած է յայտարարութիւնով մը, որով զօրակցութիւն կը յայտնէ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ ERVAB-ի կողմէ որդեգրուած վճռական եւ սկզբունքային դիրքորոշման։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2022