Ստեփանակերտի Մէջ Ցուցահանդէս

Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան կող­մէն կազ­մա­կեր­պուող ար­տագ­նայ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րուն ծի­րէն ներս, Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ բա­ցուած է «Հա­յաս­տա­նի դրա­մաշր­ջա­նա­ռու­թեան պատ­մու­թիւ­նը. ֆի­նանս­ներ բո­լո­րի հա­մար» հեր­թա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը:

Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան մա­մու­լի ծա­ռա­յու­թեան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 25-րդ տա­րե­դար­ձին նուի­րուած ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կա­յա­ցուած են հայ­կա­կան հին մե­տա­ղադ­րամ­նե­րը (Տիգ­րան Մե­ծի, Ար­տա­շէս Բ.-ի, Կի­լի­կիոյ, Ռու­սա­կան կայս­րու­թեան եւ Սո­վե­տա­կան Հա­յաս­տա­նի ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու ման­րադ­րամ­ներ) եւ թղթադ­րամ­նե­րը, ժա­մա­նա­կա­կից Հա­յաս­տա­նի բո­լոր թո­ղար­կում­նե­րը, ե­լեւմ­տա­կան եւ դրա­մատնա­յին հա­մա­կար­գի զար­գաց­ման պատ­մու­թիւ­նը, Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր:

Ցու­ցա­հան­դէ­սը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ է, ո­րով­հե­տեւ ա­նի­կա այ­ցե­լու­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ ծա­նօ­թա­նա­լու նաեւ Ար­ցա­խի պատ­մագ­րա­կան մեծ ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող Ղա­րա­բա­ղի տա­րած­քին մէջ հա­տուած մե­տա­ղադ­րամ­նե­րուն, Լեռ­նա­յին Ղա­րաբգ­բա­ղի ժա­մա­նա­կա­կից յու­շա­նուէ­րա­յին թղթադ­րամ­նե­րուն եւ մե­տա­ղադ­րամ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի նուի­րուած Հա­յաս­տա­նի յու­շադ­րամ­նե­րուն:

Պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ, ամ­բողջ ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին՝ Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան աշ­խա­տա­կից­նե­րուն կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցած են ե­լեւմ­տա­կան կրթման բնոյ­թի դա­սըն­թացք­ներ, ո­րոնց ծի­րէն ներս, մաս­նա­կից­նե­րուն տրա­մադ­րուած են կրթա­կան նիւ­թեր, գրքոյկ­ներ՝ ե­լեւմ­տա­կան հա­մա­կար­գին կող­մէ մա­տու­ցուող զա­նա­զան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ: Ցու­ցա­հան­դէ­սի այ­ցե­լու­նե­րը տար­բեր խա­ղե­րու մի­ջո­ցով տե­ղե­կա­ցած, թէ ինչ­պէ՛ս ա­ւե­լի լաւ կա­ռա­վա­րել նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րը, խու­սա­փիլ նիւ­թա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րէն եւ պաշտ­պա­նել սե­փա­կան շա­հե­րը:

Ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց պի­տի մնայ մին­չեւ Սեպ­տեմ­բե­րի 13-ը: Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ա­ջակ­ցու­թեամբ՝ պի­տի կազ­մա­կեր­պուին նաեւ դպրո­ցա­կան­նե­րու այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը այս հե­տաքրք­րա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սին:

Միւս կող­մէ, Ե­րե­ւա­նի դպրո­ցա­կան­նե­րը կ՚այ­ցե­լեն Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տուն եւ կը ծա­նօ­թա­նան ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան: Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան նպա­տակն է նմա­նա­տիպ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ըն­ձե­ռել նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ա­շա­կերտ­նե­րու եւ բնա­կիչ­նե­րու հա­մար:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2016