ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Արեւելեան Եւրոպայէ ներս մշակութային բազմազանութեան հետամուտ ADAMI-ի մետիայի մրցանակը Երեւանի մէջ մշակութային գիտաժողով մը պիտի կազմակերպէ՝ մշակութային բազմազանութեան, համարկման եւ խաղաղ համակեցութեան նիւթերու շուրջ աշխատող հեռուստալրագրողներու, արտադրիչներու եւ բեմադրիչներու համար։ 4-5 Նոյեմբեր թուականներուն նախատեսուած է այս գիտաժողովը, որու ընդառաջ ADAMI-ի մրցանակաբաշխութեան ներկայացուցիչ Վախթանկ Քունցեւ-Կապաշվիլի Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կապաշվիլի այս առթիւ յայտնեց, որ գիտաժողովի հետապնդած նպատակները պիտի ըլլան հանդիպումները, փորձառութեան փոխանակումը, ապագայ շփումներու հեռանկարը եւ Եւրոպայի հեռարձակողներու եւ բեմադրիչներու հետ համագործակցութիւնը։ Նման գիտաժողովներուն կը մասնակցին նաեւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից միւս երկիրներէն՝ Սպիտակ Ռուսիայէն, Մոլտավիայէն, Վրաստանէն, Ուքրայնայէն եւ Ատրպէյճանէն գործիչներ։ Հայաստանէն այս գիտաժողովին պիտի մասնակցի 23 հոգի։

ADAMI-ի մրցանակաբաշխութեան Հայաստանի մասնաճիւղի բանբեր, յայտնի լրագրող Սաթիկ Սէյրանեան ասուլիսին ընթացքին ընդգծեց, թէ սա Արեւելեան Եւրոպայի ամենահեղինակաւոր մետիայի մրցանակաբաշխութիւնն է։ Հետեւաբար, ան գոհունակութիւն յայտնեց, թէ այդ մէկը գիտաժողով մը կազմակերպէ Երեւանի մէջ։ «Այս մրցանակաբաշխութիւնը իսկապէս լայն հնարաւորութիւն կը բանայ մեր մետիայի դաշտին համար։ Սա բացառիկ հնարաւորութիւն մըն է արհեստավարժ մարդոց հետ աշխատելու, անոնց խորհուրդները լսելու առումով», ըսաւ Սաթիկ Սէյրանեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2017