ՀԱՄԵՐԳՆԵՐ ՉԻԼԻԻ ՄԷՋ

Օփերայի երգչուհի Լիլիթ Սողոմոնեան Չիլիի մայրաքաղաքի «Թէաթրօ միւնիսիփալ տէ Սանթիակօ» հեղինակաւոր օփերային թատրոնին մէջ երեք ներկայացումներով հանդէս եկաւ «Թոսքա»ի դերերգով:

Իտալացի երաժիշտ Ճաքոմօ Փուչինիի «Թոսքա»ն օփերային թատրոնի մէջ ներկայացուեցաւ բոլորովին նոր եւ թարմ բեմադրութեամբ: Երեւանի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնէն ներս արդէն երկու տասնամեակ գործունէութիւն ծաւալած առաջատար օփերայի երգչուհի Լիլիթ Սողոմոնեան կարելի է համարել միակ հայը, որ հանդէս եկած է Չիլիի մէջ:

Լիլիթ Սողոմոնեան ըսաւ, որ անձնական նախաձեռնութեամբ մեկնած է Չիլի՝  աւելցնելով, որ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Կոնստանդին Օրբէլեանին կարծիքը առած է, թէ ի՛նչ կրնայ ընել, որպէսզի հանդէս գայ այլ երկիրներու մէջ եւ լսելի դառնայ աւելի մեծ շրջանակներու մէջ: Օրբէլեան խորհուրդ տուած է Մոսկուայի մէջ լսումներու մասնակցելու, ուր ներկայ կը գտնուէին 10-12 երկիրներէ թատրոններու տնօրէններ եւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին օփերայի երգիչներ՝ աշխարհի բոլոր ծագերէն: Լսումներէն ետք հրաւէր ստացած էր Չիլիի մէջ մասնակցելու «Թոսքա»ի նոր բեմադրութեան:

Միւս կողմէ, Սողոմոնեան արժանացած է բացառիկ ջերմ վերաբերմունքի թէ՛ թատրոնի ղեկավարութեան եւ թէ հանդիսատեսներուն կողմէ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2018