ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԹԱԹՈՒԼ ԳԻՒՂԻՆ ՄԷՋ ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆ

Մկրտչեաններու բազմանդամ ընտանիքը կ՚ապրի Արագածոտնի մարզի Արտենի լերան հարաւ-արեւելեան ստորոտը գտնուող Թաթուլ գիւղին մէջ: Մօտաւորապէս տասը տարի ընտանիքը ապրած է խարխլած տանիքով ու բնակարանային տարրական պայմաններէն զուրկ, կիսակառոյց տան մէջ, որուն պատերը ցուրտէն եւ խոնաւութենէն բորբոսած ու սեւցած են:

Նոր՝ վարդագոյն տուֆով պատուած կառոյցը այժմ բացարձակապէս նման չէ հին տան. արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր ընտանիքի հայրը՝ Վոլոտիան, գիշեր-ցերեկ շինարարական աշխատանքներ կ՚իրականացնէ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի եւ «Ֆուլեր տնաշինական  կեդրոն»ի բնակարանաշինութեան ծրագրի շրջանակներուն մէջ: Ան ոչ միայն ամրացուցած ու հաստացուցած է բարակ պատերը, այլ նաեւ՝ նոր յարմարութիւններ ըս-տեղծած:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի եւ «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»ի խումբերը միացած են ընտանիքին՝ յատակի պեթոնի աշխատանքները իրականացնելու համար: Կողմերու աջակցութեան արդիւնքով՝ Մկրտչեաններուն տունը նոր ու ամուր տեսք  կ՚ունենայ:

«Աւելի քան տասը տարի մեր գործընկերներուն հետ ձգտած ենք տանիք ստեղծել ատոր անհրաժեշտութիւնը ունեցող շատ մը ընտանիքներու համար, քանի որ ամուր տանիքը նաեւ ամուր ընտանիքի խորհրդանիշ է: Յուսով եմ, որ շինարարական հրապարակին վրայ կամաւորներուն դրսեւորած նուիրումն ու ջանասիրութիւնը դրական լիցքեր կը փոխանցեն թէ՛ իրենց եւ թէ այս տան մէջ ապրողներուն», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2018