ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՖՐԱՆՍԱ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ շաբթուան մէջ պիտի այցելէ Փարիզ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 14 սեպտեմբերին ան Էլիզէի պալատին մէջ պիտի հիւրընկալուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։ Նոյն օրը վարչապետը պիտի տեսակցի նաեւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Օրակարգի վրայ կու գան Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադրութեան, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ համայնքային կեանքին վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Ֆրանսահայ համայնքային շրջանակներէն ստացուած այս տեղեկութիւններուն զուգահեռ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տակաւին որեւէ յայտարարութիւն չեն ըրած Նիկոլ Փաշինեանի դէպի Ֆրանսա ուղեւորութեան շուրջ։ Վարչապետի մամլոյ բանբեր Արման Եղոյեան յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատակազմը այցելութիւններու մասին տեղեկատուութիւնը կը տրամադրէ ուղեւորութենէն միայն մէկ-երկու օր առաջ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2018