ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ՝ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հրաւէրին ընդառաջ։ Իր կեցութեան ընթացքին Փաշինեան առանձնազրոյց մը կ՚ունենայ Ղարիպաշվիլիի հետ, երկու վարչապետները կը գլխաւորեն ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Թիֆլիզի մէջ նախատեսուած է նաեւ Փաշինեանի տեսակցութիւնը Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հետ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2021