ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ԵՐԷԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՎԼԱՏԻՎՈՍԹՈՔԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպում մը ունեցաւ Վլատիվոսթոքի մէջ, ուր երկու ղեկավարները կը գտնուէին մասնակցելու համար «Բազմաբեւեռ աշխարհի ճանապարհին» նիւթով կազմակերպուած Արեւելեան տնտեսական 7-րդ համաժողովին։ Վլատիվոսթոքի մէջ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացի մը սկսած է եւ այս ուղղութեամբ կ՚ակնկալէ Ռուսաստանի աջակցութիւնը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2022