Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
«ԿԱԶՓՐՈՄ»ԷՆ ԿԱՍԵՑՈՒՄ
Ռուսական «Կազփրոմ»ը ժամանակաւորապէս կը յետաձգէ իր մեծածաւալ ծրագիրը Թուրքիոյ հետ։ Վերջին օրերուն երկու երկիրներու միջեւ լարուածութիւն յառաջացած է Սուրիոյ պատերազմին պատճառով։ Ռուսաստան արդէն երկու անգամ խախտեց Թուրքիոյ օդային սահմանը, ինչ որ վրդովեցուց Անգարան։ Այդուհանդերձ, «Կազփրոմ» ընկերութեան փոխ-տնօրէն Ալեքսանտր Մետվետեւ առանց ժամկէտներ նշելու տեղեկացուց, որ չորս խողովակներէն առաջինին կառուցումը պիտի սկսի կողմերու միջեւ համաձայնագրի ստորագրումէն անմիջապէս ետք։ Ան ակնարկեց, որ ուշացումը ողբերգութիւն չէ եւ յորդորեց քաղաքական խորք չփտնռել այս ուշացումին մէջ։
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015