ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ
Գերմանական Պիլեֆելտ քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ «1915-2015, հայ ճարտարապետութիւն եւ ցեղասպանութիւն» խորագրեալ ցուցահանդէսին՝ նուիրուած Մեծ եղեռնի 100-ամեակին։ Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է «Ֆոլքսհոհշուլէ» հաստատութեան կողմէ՝ Հայ-գերմանական ընկերակցութեան գործակցութեամբ։ Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան ներկայ էին Պիլեֆելտի քաղաքապետ Փիթ Քլաուզէն, Գերմանիոյ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան, Պերլինի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան, հայ ու գերմանացի բազմաթիւ հիւրեր։
Միւս կողմէ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Պերլինի մէջ մասնակցեցաւ նաեւ «Հայաստանի բնութեան գանձերը» գիտական երեկոյթին, զոր կազմակերպած էր Հայաստանի դեսպանութիւնը։ Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարար Արամայիս Գրիգորեան։