ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ

Ճար­տա­րա­պետ­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան եր­րորդ հա­մա­ժո­ղո­վը ե­րէկ ամ­փո­փեց իր աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­մա­ժո­ղո­վին կը մաս­նակ­ցէին հայ եւ օ­տա­րազ­գի ա­ւե­լի քան 120 ճար­տա­րա­պետ­ներ, շուրջ 16 եր­կիր­նե­րէ։ Ե­րէկ ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան նաեւ «Հայ­ճար»ի ա­տե­նա­պետ Ժան Կավ­րի­լոֆ, որ հան­դէս ե­կաւ «Պոլ­սոյ հայ ճար­տա­րա­պետ­նե­րու եւ ճար­տա­րա­գէտ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը» խո­րագ­րեալ զե­կոյ­ցով։ Զե­կոյց­նե­րով հան­դէս ե­կան նաեւ Լի­բա­նա­նէն Րաֆ­ֆի Չեր­չեան, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն Մար­քօ Պրան­տիլ­լա, Ի­րա­նէն Պեռ­նարտ Տը­րոր, նոյն­պէս Իս­թան­պու­լէն Նա­զա­րէթ Պի­նաթ­լը եւ այլք։

Զե­կոյց­նե­րէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ քննար­կում եւ մտքե­րու փո­խա­նա­կում, ո­րու ժա­մա­նակ մաս­նա­կից­նե­րը ընդգ­ծե­ցին հա­մա­ժո­ղո­վի կա­րե­ւո­րու­թիւնն ու ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը։

Հա­մա­ժո­ղո­վը ամ­փո­փեց Ճար­տա­րա­պետ­նե­րու եւ ճար­տա­րա­գէտ­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան հա­մա­նա­խա­գահ Գո­հար Թիւ­թիւն­ճեան, որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց մաս­նա­կից­նե­րուն՝ ան­գամ մը եւս նշե­լով, թէ շատ կա­րե­ւոր է միաս­նա­կան հա­մա­հայ­կա­կան հար­թա­կի մը վրայ հա­մախմ­բել տե­ղա­ցի եւ սփիւռ­քա­հայ մաս­նա­գէտ­նե­րը՝ ի­րենց հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն տա­լով։

 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015