ԱՌԱՆՁԻՆ ԵՒ ՎՃՌԱԿԱՄ

Սուրիոյ վերաբերեալ իրադարձութիւնները այս շրջանին թէ՛ կը բնորոշեն Թուրքիոյ օրակարգը եւ թէ միջազգային բեմահարթակի վրայ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։ Եփրատի արեւելքը ահաբեկիչներէ մաքրագործելու առաջադրութեամբ Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր յամառօրէն կը հետապնդէ անվտանգ գօտիի մը ստեղծման նպատակը։ Այս հարցին շուրջ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ երկար ժամանակէ ի վեր բանակցութիւններ կը վարուէին։ Ի վերջոյ, վերջին օրերուն յայտնի դարձաւ, որ Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ այս ուղղութեամբ ճամբաբաժանի մը հասած են։ Երկու երկիրներու նախագահներուն՝ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Տանըլտ Թրամփի միջեւ նախընթաց օր տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցն ալ հաստատած էր այս պարագան։ Ներկայիս Թուրքիա կը պատրաստուի առանց ԱՄՆ-ի, առանձին ձեռնարկել ռազմական գործողութիւններուն եւ Սուրիոյ հիւսիսին ստեղծել անվտանգ գօտի մը։ Իսկ ամերիկեան կողմը այս օրերուն արդէն սկսած է իր զօրքերը դուրս բերել Սուրիայէն։ Միջազգային լրասփիւռները այս իրադարձութիւնը կը համարեն Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան մէջ մեծ փոփոխութիւն մը։ Իր կարգին, Տանըլտ Թրամփ տեղեկացուց, որ այլեւս եկած է ժամանակը, որպէսզի ԱՄՆ դուրս գայ պատերազմէն։

Անգարայի ղեկավարութիւնը ներկայ իրավիճակին մէջ կը շարունակէ վճռակամ պատգամներ փոխանցել՝ ժամ առաջ գործողութիւններու սկսելու ուղղութեամբ։ Միջազգային կարգ մը աղբիւրներ ալ կը տեղեկացնեն, որ Թուրքիա գործողութիւններու սկսելու համար պիտի սպասէ ամերիկեան զօրքերուն Սուրիայէն ետ քաշուիլը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Թուրքիա ներկայիս կը նախատեսէ Թել Ապիաթի եւ Ռեսուլայնի միջեւ 120 քիլօմեթր երկարութեամբ գօտի մը մաքրագործել ահաբեկիչներէն։ Սա Թուրքիա-Սուրիա սահմանի երկայնքով գօտի մը պիտի ըլլայ։  Թուրքիա կը նախատեսէ 32 քիլօմեթր խորանալ Սուրիոյ մէջ եւ այս գործողութիւնը պիտի ըլլայ նախապէս կեանքի կոչուած «Եփրատի վահան» եւ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն շարունակութիւնը։

Մինչ ամերիկեան զօրքերը Թուրքիոյ սահմանէն ետ կը քաշուին դէպի երկրի հարաւը, Մոսկուայի ղեկավարութեան արձագանգն ալ եղած է ի նպաստ Թուրքիոյ։ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Թուրքիա իրաւունք ունի իր անվտանգութիւնը երաշխաւորելու եւ սա կ՚ենթադրէ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական տարրերուն դէմ դրուիլը։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Փենթակոնի կողմէ տարիներէ ի վեր զինուած ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութեան ղեկավարները ներկայիս խուճապի մատնուած են եւ դաւաճանութեամբ կը մեղադրեն ամերիկեան կողմը։

Այս մթնոլորտին մէջ երէկ Ուաշինկթընէն հնչած այլ յայտարարութիւններ ալ եկան ապացուցանել, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ առայժմ երաշխաւորուած կայունութիւն մը չկայ։ Արդարեւ, Տանըլտ Թրամփ ընկերային ցանցերու վրայ տնտեսական սպառնալիքներ հասցէագրեց Թուրքիոյ դէմ, ինչ որ ստեղծեց լայն արձագանգ։ Հիմա հետաքրքրութեամբ կը սպասուի Ուաշինկթընի քայլերուն, մինչ նախագահ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիա կը մնայ անդրդուելի եւ կը մերժէ սպառնալիքները։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2019