ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ ԵՒ ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 92-րդ ընդհանուր ժողովը այսօր կը գումարուի Երեւանի մէջ։ Ըստ վերջին շրջանին ձեւաւորուած նախընթացին, ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովները կը կազմակերպուին անգամ մը Հայաստանի, անգամ մըն ալ սփիւռքի մէջ։ Համավարակի շրջանին ՀԲԸՄ արդէն իր ընթացիկ ընդհանուր ժողովը կազմակերպած էր առցանց ձեւաչափով՝ հասկնալի ստիպողութիւններուն բերումով։ Համավարակէն վերջ առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովը՝ այս անգամ Հայաստանի մէջ։
ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովին Երեւանի մէջ գումարուիլը այս փուլին կարելի չէ դիտարկել՝ որպէս զուտ պատահականութիւն կամ զուգադիպութիւն։ Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատմականօրէն ծանր գոյաբանական մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի եւ ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովն ալ կը գումարուի այդ հանգամանքով պայմանաւորուած իրադրութեան մը մէջ։ ՀԲԸՄ, որ աշխարհի մեծագոյն հայկական բարենպատակ կառոյցն է, այս փուլին անդրդուելի եւ սկզբունքային ընթացք որդեգրած է՝ ապահովելու համար հայաշխարհէ ներս ընդհանրական համախմբում եւ զօրակցութիւն՝ ի նպաստ հայոց պետականութեան։ Այժմու ընդհանուր ժողովի մթնոլորտին մէջ ալ կը բիւրեղանայ, որ ՀԲԸՄ-ի յարատեւ առաքելութիւնը յամառ կամքով յառաջ կը տարուի՝ այս հաստատութեան ծով փորձառութիւնն ու միջոցները ի սպաս դնելով հայոց անկախ պետականութիւնը առկայ փակուղիի հետեւանքներէն հնարաւորինս խնայելու առաջադրութեամբ։ Արդարեւ, աշխարհատարած այս կազմակերպութիւնը այժմ Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած ջրբաժանին դիմաց շարժման կ՚անցընէ իր ազդու եւ հզօր ցանցի ամբողջ ներուժը, ինչ որ ճակատագրական նշանակութիւն կրնայ ունենալ այս փուլին։
ՀԲԸՄ-ի 92-րդ ընդհանուր ժողովը նախատեսուած է 5 օրերու վրայ տարածուած ծաւալուն ծրագրով մը։ Թէեւ ժողովական բուն աշխատանքները այսօր նախատեսուած են, սակայն, ՀԲԸՄ-ի աշխարհի չորս ծագերէն Երեւան ժամանած ղեկավարները, պատասխանատուները, մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները, համակիրներն ու հիւրերը արդէն ներկայ շաբթուան երկրորդ կէսը ամբողջութեամբ յատկացուցած են այս՝ 92-րդ ընդհանուր ժողովին առթիւ մշակուած ծրագրին։ 92-րդ ընդհանուր ժողովի առաջին փուլին՝ անցեալ չորեքշաբթի ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչները Երեւանի մէջ այցելեցին Մատենադարան։ Նոյն օրը, ՀԲԸՄ-ի Երեւանի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ բարիգալստեան ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին համագումարի առթիւ Երեւան ժամանած բոլոր մասնակիցները զիրար ողջունեցին։ «ՀԲԸՄ-Հայաստան»ի կեդրոնատեղիէն ներս կազմակերպուած այս հաւաքոյթին ընթացքին ստեղծուած ոգեւորութիւնը արդէն ապացոյց մը եղաւ, թէ ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած ընտանիքը այս փուլին ինչքան յանձնառու է՝ զօրակցելու համար Հայաստանի առկայ դժուարութիւններու յաղթահարման գործին։
Համագումարի ծրագրին վրայ՝ որպէս երկրորդ աշխատանքային օր նախատեսուած էր հինգշաբթին, երբ ամբողջ աշխատանքային օրուան մը տեւողութեան աշխատանոցի ձեւաչափին մէջ քննարկումներ ծաւալուեցան՝ «Մարիոթ-Արմենիա» պանդոկի համալիրէն ներս։ ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնութեամբ եւ խրախուսանքով ստեղծուած «ԱՊՐԻ Արմենիա» կիրառական քաղաքականութեան հետազօտութեան կաճառին կողմէ կազմակերպուած աշխատանոցները տեւեցին ամբողջ օր՝ մագնիսացնելով բոլորին հետաքրքրութիւնը։ Այս աշխատանոցներուն ընթացքին ո՛չ միայն արձանագրուեցան Հայաստանի դիմագրաւած առկայ դժուարութիւնները, այլեւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ լուծման առաջարկներ օրակարգի վրայ բերուեցան։ Աշխատանոցային քննարկումներուն մասնակցեցան մտաւորականներ, ակադեմականներ, արուեստագէտներ, հասարակական գործիչներ, բարձրաստիճան դիւանակալներ, դիւանագէտներ, գործարարներ եւ պետական այրեր։ ՀԲԸՄ-ի ամբողջ ղեկավարութիւնն ալ օրուան ողջ տեւողութեան անմիջական ուշադրութեամբ հետեւեցաւ ծաւալուած այս մանրամասն քննարկումներուն։
Ընդհանուր ժողովի ծրագրին վրայ նախատեսուած 3-րդ օրը յագեցած էր նոյնպէս յատկանշական իրադարձութիւններով։ Այսպէս, ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած ընտանիքի ներկայացուցիչները առաւօտեան ժամերուն յարգանքի այցելութիւն մը տուին Եռաբլուր։ Զինուորական պանթէոնի յուշարձանին առջեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան ծաղկեպսակ մը զետեղեց՝ մինչ բոլորը խոնարհում բերին նահատակ զինուորներու բարի յիշատակին առջեւ՝ թարմ ծաղիկներ թողելով անոնց շիրիմներուն։
Եռաբլուրէն վերջ ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչները մասնաւոր օթոպիւսներով ուղեւորուեցան դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Բազմանդամ խումբի անդամներուն տեսակէտէ մէկ կողմէ աշխատանքային ծրագրին մաս կը կազմէր այս փուլը, իսկ միւս կողմէ ուխտագնացութեան մը նշանակութիւնը ունէր անտարակոյս։ Մայր Աթոռի ընդարձակ համալիրէն ներս նախատեսուած էր շրջայց մը։ Այդ շրջայցը ՀԲԸՄ-ի անդամներուն տեսակէտէ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունէր։ Արդարեւ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան տարիներուն՝ վերջին շուրջ երեք տասնամեակներուն Մայրավանքի համալիրէն ներս ապահովուած ամբողջ վերելքին մէջ անուրանալի ներդրում ունին այն սփիւռքահայ գործիչները, որոնք ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած ցանցին մաս կը կազմեն։ Շրջայցէն վերջ ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչները արդէն անցան դէպի Վեհարանի տարածքը։ Այստեղ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ նախ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ՀԲԸՄ-ի նախկին պատուակալ նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին ազգային հերոսներէն՝ բարեյիշատակ ու երախտաշատ ազգային բարերար Ալեք Մանուկեանի եւ կողակցին՝ Մարի Մանուկեանի շիրմին առջեւ։ Բոլորը դամբարանին շուրջ վերյիշեցին Մանուկեան ամոլը եւ անգամ մը եւս անոնց բարոյական ներկայութեան առջեւ վերամրապնդուեցան ՀԲԸՄ-ի առաքելութեան գիտակցութեան մէջ։
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն վերջ ընդհանուր ժողովի մասնակիցները առաջնորդուեցան Վեհարանի մեծ դահլիճը, ուր ունկնդրեցին Նորին Սրբութեան պատգամը։ Աւելի վերջ ՀԲԸՄ-ի անդամները հնարաւորութիւն ունեցան Վեհափառ Հայրապետին եւ նախագահ Պերճ Սեդրակեանին հետ հաւաքական զրոյց մը ունենալու։ Այս փուլը վարեց ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Սարգիս Ճէպէճեան։ Հարցում-պատասխանի ձեւաչափին մէջ շատ հետաքրքրական զրոյց մը տեղի ունեցաւ։ Վեհափառ Հայրապետը իսկապէս անմիջական ու վառ հաղորդակցութիւն մը ապահովեց սրահին մէջ համախմբուած ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը մի առ մի պատասխանեց բոլոր հարցումներուն։ Իր սպառիչ պատասխաններուն ընդմէջէն բիւրեղացան նաեւ այն ուղղութիւնները, որոնք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը այս փուլին առաջնահերթ կը համարէ՝ առկայ հրատապ խնդիրներու յաղթահարման ճանապարհին։
Նորին Սրբութեան անմիջականութեան եւ հայրական վերաբերմունքին առարկայ դարձած ըլլալու առթած բարձր տրամադրութենէն վերջ, ՀԲԸՄ-ի անդամները միջոց մը եւս մնացին Մայրավանքի համալիրէն ներս։ Վեհարանի մուտքի աստիճաններուն վրայ նկարահանում մըն ալ տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ, ինչ որ պատմական յիշատակ մըն էր բոլորին տեսակէտէ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Երեւան վերադառնալու ճանապարհին ՀԲԸՄ-ի համագումարի մասնակիցները այցելեցին Երեւանի արուարձաններէն Մալաթիայի Հայորդեաց տունը, ուր ականատես եղան մանկապատանեկան այս կեդրոնէն ներս ծաւալուած գործունէութեան փայլուն արդիւնքին։ Երեկոյեան ալ բոլորը Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահի երդիքին տակ մասնակցութիւն բերին երաժշտական ձեռնարկի մը։
Այսօր 92-րդ ընդհանուր ժողովի աշխատանքային ծրագրով նախատեսուած 4-րդ օրն է։ Սա նախորդներէն որոշ չափով կ՚առանձնանայ նաեւ այն առումով, որ բուն ընդհանուր ժողովը եւ ՀԲԸՄ-ի վարչական գերագոյն մարմիններուն հաւաքները տեղի կ՚ունենան նոյնպէս այսօր։ Ամբողջ աշխատանքային օրը նախատեսուած է ՀԲԸՄ-ի Երեւանի կեդրոնին մէջ։ Օրուայ սկիզբին ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն եւ պատգամաւորներուն միջեւ հանդիպում մը նախատեսուած է, իսկ յետմիջօրէին նախ դարձեալ աշխատաժողովի ձեւաչափին մէջ պիտի ծաւալուին քննարկումներ, հուսկ 92-րդ ընդհանուր ժողովը պիտի գումարուի պաշտօնապէս։ Կը նախատեսուի, որ մինչեւ երեկոյեան ժամերը շարունակուին աշխատանքները, որոնց աւարտին Երեւանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ ընթրիքի սեղանի շուրջ պիտի համախմբուին ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովի մասնակիցները։
Վաղն ալ Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ ՀԲԸՄ-ի համագումարին մասնակիցները պիտի մասնակցին կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի, որու աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն մըն ալ նախատեսուած է բարենպատակ այս հաստատութեան բոլոր երախտաւորներուն համար։