ԵՐԿԱՐԱԺԱՄԿԷՏ ԾՐԱԳԻՐ
Մերձաւոր Արեւելքի առկայ բարդ հաւասարակշռութիւններու մթնոլորտին մէջ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ զարկ կու տան իրենց համագործակցութեան՝ որպէս դաշնակիցներ։ ԱՄՆ-ի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի Անգարայի մէջ ունեցած վերջին շփումները արդէն յստակեցուցին յառաջիկայ շրջանի համագործակցութեան առաջնահերթութիւններն ու մանրամասնութիւնները։ Տանֆորտ Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի կողմէ։ Զուգահեռաբար ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, Փենթակոնի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Անգարա եւ Ուաշինկթըն քննարկած են երկարաժամկէտ ծրագիր մը՝ Սուրիոյ մէջ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման) դէմ մղուելիք պայքարին առընչութեամբ։ Երկարաժամկէտ այդ ծրագիրը կը նախատեսէ միջազգային համախոհութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ ապահովել ներդաշնակութիւն մը՝ մանաւանդ Ռաքքա քաղաքի ազատագրման առանցքով։ Ռաքքայի ազատագրման, տեւական հակակշռին ու ղեկավարման կ՚առընչուի ծրագիր մը։ Կողմերը համոզուած են, որ միջազգային համախոհութիւնը պիտի չկարենայ յառաջխաղացում մը արձանագրել, եթէ Թուրքիա եւ ԱՄՆ փոխադարձաբար իրենց հեռանկարները չներդնեն շրջանառութեան մէջ։
Այս պայմաններուն ներքեւ, երկու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի Անգարայի մէջ սկսի մշտապէս պաշտօնավարել ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորական մը։ Այս վերջինը մշտապէս կապի մէջ պիտի գտնուի ԱՄՆ-ի Կեդրոնական զօրքերու (CENTCOM) հրամանատար զօրավար Ճոզըֆ Վոթըլի հետ։ ԻՇԻՊ-ի ձեռնարկուելիք գործողութիւններու պարագային կապ պահելու եւ համակարգում ապահովելու նպատակը պիտի հետապնդէ այս քայլը։ Ամերիկեան կողմը պաշտօնապէս հաղորդած է, որ այս նիւթին շուրջ կը ձգտի բոլորովին թափանցիկ ըլլալ թուրք դաշնակիցներուն հետ։
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրներն ալ երէկ տեղեկացուցին, թէ Անգարայի մէջ պաշտօնավարութեան ձեռնարկելիք ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականը պիտի տեղակայուի Թուրքիոյ մէջ հաստատուած ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան համակարգման կեդրոնին (ODC) եւ կամ Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութեան զինուորական կցորդութեան մօտ։