ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Իտալիոյ Ծերակոյտի նախագահ Մարիա Էլիզապեթթա Ալպերթի Քազելլաթի շաբաթավերջին այցելեց Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար կղզին։ Բարձրաստիճան հիւրը ընդունուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի կողմէ։ Ներկայ էին Հռոմի մօտ Հայաստանի դեսպան Ծովինար Համբարձումեան, Վենետիկի նահանգապետ Վիթթորիօ Զափփալլորթօ, Վենետիկի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Գագիկ Սարուխանեան, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներ եւ այլ պաշտօնատարներ։

Իտալահայ շրջանակները ջերմօրէն ողջունած են այս այցելութիւնը, ինչ որ կու գայ հերթական անգամ հաստատել կառոյցներու հարթութեան վրայ հայ-իտալական բարեկամութեան ամուր կապերը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2021