ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅԻ ԿԵԱՆՔԸ

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ թեմի առաջնորդականի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած 4-րդ «Լսարանական երեկոյ»ն տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեանի հովանաւորութեամբ երկլեզու դասախօսութիւն մըն էր այս մէկը։ Հրայր Ճէպէճեան այս առթիւ արտայայտուեցաւ՝ «Աստուածաշունչի յանձնառութիւնը քրիստոնեայի յարափոփոխ կեանքին մէջ» նիւթին շուրջ։ Ելոյթին հետեւեցան նաեւ Աստուածաշունչի ընկերութեան զանազան երկիրներու մասնաճիւղերէն ոչ-հայ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Հեռավար ձեռնարկի հանդիսավարն էր Լոռա Արթինեան։ Շահեկան խորհրդակցութիւններէ վերջ Հրայր Ճէպէճեան պատասխանեց նաեւ իրեն ուղղուած հարցումներուն։

Առցանց ձեռնարկը աւարտին հասաւ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեանի աղօթքով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2021