ԼԵՆԱ ՇԱՄԱՄԵԱՆԻ ՈԳԵՒՈՐ

Հարպիէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մեներգչուհի Լենա Շամամեանի համերգը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։ Ինպէս ծանօթ է, Լենա Շամամեան վերջին տարիներուն կանոնաւոր պարբերութեամբ համերգներով հանդէս կու գայ Իսթանպուլի մէջ եւ իւրաքանչիւրը կը ստեղծէ մեծ խանդավառութիւն։ Երէկուան ձեռնարկն ալ եկաւ համալրելու այդ շարքը։

Ընդարձակ համերգասրահին մէջ պարապ աթոռ մը չկար։ Ունկնդիրներու շարքին կային նաեւ մեր համայնքէն երաժշտասէրներ։ Դահլիճը լեցուցած էին սուրիացի գաղթականներ, որոնք մեծ յուզում ապրեցան Լենա Շամամեանի կատարումներով։ Յայտնի մեներգչուհիի երգացանկին վրայ տեղ գտան նաեւ քանի մը հայերէն գործեր։

Երեկոյթի աւարտին, համերգի մասնակիցները որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջունեցին Շամամեանը։

Համերգէն վերջ, մուտքասրահին մէջ Լենա Շամամեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ երաժշտասէրներուն կողմէ, որոնք իր հետ նկարահանուեցան եւ որպէս յիշատակ՝ խնդրեցին ստորագրութիւն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018