ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց Արքեպիսկոպոսարանին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջազգային գիտաժողովը այս շաբաթավերջին առարկայ կը դառնայ քաղաքիս մտաւորական շրջանակներու ուշադրութեան։ «Համարկման դիտանկիւնէն Օսմանեան կայսրութիւնն ու հայերը. մշակոյթ եւ տնտեսութիւն» խորագրեալ այս գիտաժողովը կազմակերպուած է Օրթագիւղի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» հետազօտութիւններու ընկերակցութեան կողմէ։ Իսթանպուլի «Պիլկի» համալսարանի մէջ տեղի կ՚ունենայ այս գիտաժողովը, որու բացումը տեղի ունեցաւ երէկ յետմիջօրէին։ Հիւրընկալ համալսարանի «Թուրքիոյ մշակոյթներու աշխատանքային խումբ»ի անունով Պիւլէնտ Պիլմէզ եւ գիտաժողովի կազմակերպիչներէն Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն։ Կաթողիկէ հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի ողջոյնի խօսքէն վերջ յայտնի պատմաբան Իլպէր Օրթայլը կատարեց գիտաժողովի բացումը։ Բուն գիտական նիստերը տեղի կ՚ունենան այսօր։ Ծրագրին մէջ նախատեսուած է նաեւ ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան Յարութիւն Ռայմոն Գէորգեանի զեկուցումը։

Երէկուն ողջոյնի խօսքին մէջ Զէքիեան Գերապայծառ նշեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները ցայսօր բաւարար չափով չեն ուսումնասիրուած եւ բոլորը այդ յարաբերութիւնները կը դիտարկեն հարիւր տարուան հեռաւորութենէ մը։ Հռոմէական կայսրութեան շրջանէն մնացած իմաստութիւն մը մէջբերեց Զէքիեան Գերապայծառ. «Պատմութիւնը կեանքի ուղեցոյցն է»։ Ան ապա այս տեսանկիւնէն մեկնաբանեց նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւնները։ 19-րդ դարէն դէպի 20-րդ դար անցումային փուլին շուրջ խորհրդածութիւններ ըրաւ եւ ըսաւ, որ այսօր հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնները ուշադրութեան առարկայ կը դառնան միայն ջարդերու եւ կոտորածներու չափումով։ Վերոյիշեալ ժամանակաշրջանի վերաբերեալ երկու կողմերու պատմագրութիւնն ալ բաւական միակողմանի է։ Մինչդեռ, այս ժամանակաշրջանէ դուրս հայ-թրքական յարաբերութիւնները մեծ հարցական մըն են խորքին մէջ։ Զէքիեան Գերապայծառ կարեւորեց պատմութիւնը ձերբազատել զգացական գործօններէ։ Ան յիշեցուց, որ վերջին շրջանին հայ-թրքական յարաբերութիւններու պատմութեան վերաբերեալ հետաքրքրութիւնը գագաթնակէտի վրայ էր։ Հիմա ալ կայ որոշ հետաքրքրութիւն  մը, սակայն նիւթը անմիջական օրակարգէ դուրս է։ «Նորաձեւութիւնները ինքզինքնին կ՚ոչնչացնեն», ըսաւ Զէքիեան Գերապայծառ եւ աւելցուց, որ ներկայ պահը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ աւելի գիտակից ու հանդարտ ձեւով աշխատանք տանելու։ Ան համոզուած է, որ պէտք է կեդրոնանալ պատմութեան անխափան հոսքին վրայ եւ այդ ամբողջին մէջ զանազան պահերը պէտք է ձեռք առնել համընդգրկուն մօտեցումով մը։ Արդարեւ, զանազան շրջաններ իրենց հետ կը բերեն թէ՛ հակասութիւններ եւ թէ հասարակաց կողմեր։

Իր խօսքին մէջ Զէքիեան Գերապայծառ տեղեկացուց նաեւ, որ կը նախատեսեն նման գիտաժողովներ կազմակերպել շարքի մը ձեւով յառաջիկայ տարիներուն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018