ՏԱՐԵԼԻՑ ԵՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն մը կատարուեցաւ ի յիշատակ 1988 թուականի երկրաշարժի զոհերուն։ Ս. Յովհաննէս եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնը, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան։

Մինչ արարողութիւնը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի պատասխանատու Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին աղիտալի երկրաշարժի պատճառած ծանր կորուստներուն եւ այն հետեւանքներուն, որոնք առ այսօր տակաւին ամբողջութեամբ չեն յաղթահարուած։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018