ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐԱՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ այցելեց Մոսկուա, իսկ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Փարիզի մէջ։ Ան Մոսկուայի մէջ երէկ հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ, իսկ այսօր Փարիզի մէջ բանակցութիւններ կը վարէ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։ Արա Այվազեան այսպէսով իրերայաջորդ կ՚այցելէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներէն երկուքին՝ Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի մայրաքաղաքները։ Ինչպէս երէկ Մոսկուայի մէջ, այնպէս ալ այսօր եւ վաղը Փարիզի մէջ ան կը տեսակցի նաեւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ։

Երէկ, Մոսկուայի մէջ Արա Այվազեան նախ առանձնազրոյց մը ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի հետ, իսկ աւելի վերջ երկու նախարարներու գլխաւորութեամբ տեղի ունեցան հայկական եւ ռուսական պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Այվազեան եւ Լաւրով Մոսկուայի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Կը հաղորդուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ, Այվազեանի եւ Լաւրովի քննարկումներուն հիման վրայ մարդասիրական հարցերու լուծման ուղղութեամբ շարք մը քայլեր ուրուագծուած են։ Լաւրով յայտնեց, որ ռուսական կողմը բաւարարուած է արդէն ամիսէ մը ի վեր հրադադարի իսկապէս պահպանումէն, մինչ փախստականները կը վերադառնան իրենց բնակավայրերը։ Ըստ իրեն, յառաջընթաց կայ նաեւ զոհուածներու մարմիններու, գերիներու փոխանակման եւ կորսուածներու որոնման հարցերուն մէջ։ Ռուսական կողմը հետաքրքրուած է, որ այդ սուր մարդասիրական հարցերը հնարաւորինս արագ լուծուին։ Եւ երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին այս ուղղութեամբ շարք մը քայլեր ուրուագծուած են։ Այվազեանն ալ Մոսկուայի մէջ շեշտած է ռազմագերիներու փոխանակման հարցի հրատապ բնոյթը։

Թէ՛ առանձնազրոյցի եւ թէ բանակցութիւններու ձեւաչափով Մոսկուայի քննարկումները երէկ տեւեցին շուրջ երեք ժամ։ Այվազեան պաշտօնը ստանձնելէ վերջ առաջին անգամ Լաւրովի հետ ոչ-հեռավար, ուղղակի բանակցութիւններ վարեց։ Յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան չարծարծեց Արցախի կարգավիճակի հարցը։ Իր խօսքին մէջ ան յայտնեց, որ Հայաստան հանդէս եկած է ու կը շարունակէ հանդէս գալ այն դիրքորոշումով, թէ Արցախի ժողովուրդը ունի ինքնորոշման իրաւունք։ Ան աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ձեւաչափով։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Այվազեան-Լաւրով հանդիպման գոնէ հրապարակային բաժնին մէջ խօսք չէ եղած Մեղրիի միջանցքի հարցին շուրջ Ռուսաստանի դիրքորոշման վերաբերեալ։ Անդրադարձ չէ կատարուած նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սովետական տարիներու սահմանին վերաբերեալ հարցերուն։ Այս բոլորը ներկայիս բուռն ձեւով կը քննարկուին Հայաստանի մէջ։ Իսկ Այվազեան եւ Լաւրով խօսեցան ռազմագերիներու, եկեղեցիներու եւ պատերազմի ժամանակ հակամարտութեան գօտի տարուած վարձկան ահաբեկիչներու հարցերուն շուրջ։ Նախարարները նշեցին, թէ այս հարցերուն շուրջ լուրջ աշխատանք կը կատարուի։ Լաւրով շեշտեց, որ Մոսկուա յաւելեալ գումար փոխանցած է Կարմիր խաչի Արցախի գրասենեակին՝ մարդասիրական հարցերու համար։ Արա Այվազեան Մոսկուայի մէջ մատնանշեց, որ գոյութիւն ունին հաւաստի տեղեկութիւններ, ըստ որոնց Ատրպէյճան կը ծրագրէ ընդլայնել վարձկան ահաբեկիչներու տարածման աշխարհագրութիւնը եւ անոնցմով վերաբնակեցնել պատերազմէն վերջ իր վերահսկողութեան տակ անցած տարածքները։ Ուստի, անոնք պէտք է դուրս բերուին հակամարտութեան գօտիէն եւ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասէն։

Այս խնդրին վերաբերեալ յայտարարութիւնները միշտ կը զուգորդուէին Թուրքիոյ ուղղեալ քննադատական ակնարկութիւններով։ Արա Այվազեանի նկատառման յանձնուեցաւ նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի վերջին յայտարարութիւններէն մին, ըստ որու հրադադարը կրնայ նպաստել հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Ան չմեկնաբանեց այս յայտարարութիւնը, փոխարէնը ներկայացուց վերջին տասնամեակներուն Անգարայի կողմէ Երեւանի դէմ ձեռնարկուած քայլերը, յիշեցուց նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները եւ ըսաւ. «Անգարա պէտք է շահի մեր վստահութիւնը»։

Լաւրովի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Արա Այվազեան նշեց նաեւ, որ հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակի կայունացումէն վերջ Հայաստան եւ Ատրպէյճան հանդիպում կրնան ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ։ «Բայց, բնականաբար, հիմնական առաջնահերթ խնդիրները կը մնան համապարփակ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ։ Անոնք կը սկսին հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակի կայունացումէն անմիջապէս վերջ», ըսաւ Արա Այվազեան եւ յայտնեց, որ հրադադարի յայտարարութիւնը ժամանակաւոր չէ։ Այդ մէկը անկիւնադարձային է՝ հրադադարի եւ արիւնահեղութեան դադրեցման իմաստով։ Կան որոշ չափորոշիչներ փախստականներու վերադարձի առումով եւ այլ հարցեր, որոնք կը նախանշեն հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական կէտերը։

Իր կարգին, Լաւրովն ալ նշեց, որ Ռուսաստան խաղաղապահներուն միջոցաւ ամէն ձեւով պիտի նպաստէ ռազմագերիներու փոխանակման կարեւորագոյն խնդրի հնարաւորինս արագ լուծուելուն։ Ան ըսաւ, որ հակամարտութիւնը դուրս կու գայ թէժ փուլէն։ Ռուսաստան ներկայիս կ՚առաջարկէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատած մարդասիրական արձագանգման կեդրոնը դարձնել միջազգային՝ ընդգրկելով նաեւ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը։ Մոսկուա պիտի շարունակէ նաեւ անհատոյց եղանակով Երեւանին միջոցներ տրամադրելու՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի համար։ Ռուս նախարարը յայտնեց, որ ներկայ ամսուան կէսերուն ՄԱԿ-ի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղ պիտի ուղարկուի մասնաւոր առաքելութիւն մը, որ պիտի զբաղի գնահատման հարցերով։ Ան կոչ ուղղեց նաեւ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութիւնը յատուկ ուշադրութեան առարկայ դառնայ։ Ըստ Լաւրովի, Ռուսաստան կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաշտեցման ուղղեալ որեւէ շփման։

Լաւրով պատասխանեց նաեւ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի վերջին յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց Ռուսաստան եւ Թուրքիա Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումէն դուրս թողած են Եւրոպան։ Այս կապակցութեամբ ռուս նախարարը ըսաւ. «Ժամանակակից աշխարհի մէջ բոլորին համար տեղ կայ, եթէ հակամարտութիւններու կարգաւորման մասնակցին ազնիւօրէն»։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2020