ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՅՈՐԴՈՐԷ ԱՄՈՒՐ ՄՆԱԼ ԾԱՌԱՅԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔԻՆ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի պատասխանատուները։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացան Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, որ կը գլխաւորէ կամաւոր հոգաբարձուները, ինչպէս նաեւ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան։

Զրոյցի ընթացքին դպրոցի վարիչները տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց ընդհանուր գործունէութեան շուրջ։ Միեւնոյն ժամանակ, անոնք տեղեկացուցին, որ այս տարի եւս անհրաժեշտութիւնը կայ նուիրահաւաք կազմակերպել այս ուրոյն կրթօճախին համար։ Ուստի, անոնք խնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը։ Դպրոցի պատասխանատուները յատկապէս շեշտեցին, որ համավարակի շրջանին բազմապատկուած էին դիմագրաւուած դժուարութիւնները։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կանգ առաւ մեր քաղաքէն ներս կրթական առաքելութեան անխափան շարունակութեան կարեւորութեան վրայ՝ շեշտելով «Հրանդ Տինք» դպրոցի առանձնայատկութիւնները։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, որ նոր սերունդի դաստիարակութեան ի նպաստ կազմակերպուած բոլոր աշխատանքները կը համարուին սուրբ ծառայութիւն։ Այս շրջանակին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց նաեւ «Հրանդ Տինք» դպրոցի գործունէութիւնը։ Իր խօսքով՝ համավարակով ծնունդ առած դժուարութիւնները բոլորին համար կը բնորոշեն փորձութեան շրջան մը։ Ուստի, առկայ բացառիկ նեղութիւններուն պէտք է դիմակայել՝ խորհրդակցելով, միասնականութեան ոգիով ու համատեղ աշխատանքով։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրամայական նկատեց, որ մեր համայնքի անդամները ամուր մնան իրենց ծառայասիրութեան կամքին մէջ։

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց «Հրանդ Տինք» դպրոցի պատասխանատուներուն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2021